Özel Pangaltı Ermeni Lisesi
եկեղեցւոյ մօտ:
Վարժարանի առաջին վարիչ-տնօրէնն է Հայր Սերովբէ Վրդ. Մերճանեան:
Առաջին աշակերտներէն ծանօթ դէմք կը դառնայ Յովսէփ Վարդանեան իբր պետական պաշտօնեայ՝ Յովսէփ Փաշա անունով , նաեւ խմբագրապետ Մէճմուայը Հավատիսի: Իսկ Թընկըր եղբայրներէն Անտոն կ’լլայ Անտոն Եավէր Փաշա Թընկըր:
Հ.Սերովբէի կը յաջորդէ Հ. Վրթանէս Վրդ. Չալըխեան որ առաջին անգամ կը գործադրէ Եւրոպական կրթական ծրագիրը եւ գրաբարի դասաւանդութիւնը:
Այս դպրոցը հրոյ ճարակ կը դառնայ 1839ի Պէյօղլուի մեծ հրդեհին:
1847 ին սեպհական գետնի վրայ կը բարձրացուի քարաշէն եռայարկ շէնք մը եւ առաջին անգամ վարժարանի մէջ կը հաստատուի դասարանական կարգեր եւ կը պատրաստուի ուսման ծրագիր , տնօրէն Հ.Յովսէփ Վրդ. Գաթըրճեանի առաջնորդութեամբ:
Հայրերու նախաձեռնութեամբ 1857ին Իսթանպուլի մէջ կը բացուի առաջին միջնակարգ եւ բարձրագոյն գիշերօթիկ վարժարանը: Մինչ հոս կը շարունակուի դաստիարակչական-կրթական գործունէութիւնը,1865ին Հ. Մաղաքիա Վրդ. Սամուէլեան կը գնէ 30.000 կանգուն հող, Բանկալթիի մէջ, ուր կը փոխադրուի գիշերօթիկ վարժարանը 1866 Սեպտ. 20ին: 1870 ին կը պատահի Բերայի մեծ հրդեհը: Այն ատեն աւելի եւս յայտնի հը տեսնուի թէ ո՜րքան հեռատեսութեամբ գնուած էր Բանկալթիի գետինը:
Մինչեւ 1923 Մխիթարեան Հայրեր ստանձնած են տնօրէնութեան պաշտօնը . այս շրջանի վարիչն էր Հ. ՀմայեակՎրդ. Համբարեանը:
1923ին Հանրապետութեան հռչակումով նախ կ’արգիլուի օտարազգիներու արձանագրութիւնը եւ դպրոցը նկատուելով փոքրամասնութեան վարժարան կը թոյլատրուի ընդունիլ միայն հայ ծագումով աշակերտներ եւ տնօրէնութեան պաշտօնին ալ առաջին անգամ կ՛որոշուի աշխարհական մը՝ յայնձին թուաբանութեան ուսուցիչ Պր. Արմենակ Աբրիկեանի:
Մինչ այս, նախարարութիւնը կը պահանջէ նոր շէնքի մը շինութիւնը ինչ որ փափաքն էր մեր Հայրերուն ալ: 1927 Ս.Զատկին հիմնաքարը կը դրուի եւ 1928ին Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանը կ՛օժտուի դպրոցի մը յարմարանքներով եւ կը ստանայ լիսէի աստիճան:
Պր.Աբրիկեանի հրաժարումէն վերջ Մխիթարեան Հայրերու կողմէ տնօրէնութեան պաշտօնին կ’առաջարկուի վարժարանիս տարրաբանութեան ուսուցիչ Պր. Կարապետ Քիւրքճեանը եւ 1929-1930 տարեշրջանին կ’ունենանք լիսէի առաջին շրջանաւարտները:
Պր. Քիւրքճեանի տնօրէնութեան տարիներուն ներքին անձնակազմին մաս կը կազնեն, Հ. Հմայեակ Ծ. Վրդ. Համբարեան, Հ. Պետրոս Վրդ. Տէր-Պօղոսեան,Հ. Գրիգորիս Վրդ. Մանեան, Հ. Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեան, Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այանեան:
Այս շրջանին է որ (1932-33) հիմը կը դրուի Մխիթարեան մանկապարտեզին եւ նախակրթարանի բաժինն ալ կը դառնայ երկսեռ (1936)
Պր. Կարապետ Քիւրքճեանի մահէն վերջ(1963), տնօրէնութեան պաշտօնը կը ստանձնէ Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այանեան. Իրեն գործակից են Հ. Արիստակես Վրդ. Պօհճալեան, Հ. Սարգիս վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Վրդ. Չօփուրեան: Այս շրջանին եւս վարժարանս կը մատուցանէ իր օգտաշատ ծառայութիւնը եւ առաջին անգամ կը բացուի օտար լեզուի եւ նորածնունդ համակարգիչի աշխատասենեակները:
1987ին տարիքի բերմամբ հանգստեան կը կոչուի Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այանեան: Այս անգամ տնօրէնութեան պաշտօնին կը կոչուի Հ. Սարգիս Վրդ. Էրմէն , իրեն օգնական ունենալով փոխ-տնօրէն Հ. Յակովբոս վրդ.ը եւ հիմնադիր Հ. Արիստակէս Վրդ.ը: 1988-89 տարեշրջանին վարժարանիս միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններն եւս առաջին անգամ կ’ընդունին երկսեռ աշակերտութիւն: 1991ին կը կազմուի անդրանիկ Ծնողած Միութիւնը , իսկ 1992-93 դասաշրջանին կը հաստատուի նախապատրաստական դասարան անգլիերէն լեզուի ուսուցման համար եւ կ’ապահովուի արտօնութիւնը օտարահըպատակ ուսուցիչի դասաւանդութեան թէ մեր քով եւ թէ ընդհանրապէս քոյր վարժարաններու մէջ:
Յաջորդական տարիներուն կրթական այս յարկը կ՛ենթարկուի հիմնական նորոգութիւններու կը հաստատուին արդիական խաղավայրեր, համակարգիչի, տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան բոլորովին նոր աշխատասենեակներ, պալէի-երաժշտութեան եւ գծագրութեան յատուկ աշխատանոցներ:
1997ին Հ. Սարգիս վրդ. Էրմէն անձնական լուրջ հարցերու պատճառաւ կը հրաժարի տնօրէնութեան պաշտօնէն: Այս անգամ տնօրէնն է Պր. Շահին Չընար իրեն անմիջական գործակից ունենալով հրաժարեալ տնօրէն վարդապետը, փոխ-տնօրէններ՝ Հ. Յակովբոս վրդ.ը եւ Պր Գարեգին Պարսամեանը: Հիմնադիրի պաշտօնն ալ կը վարէ Պր.Սերովբէ Չուպուքքերեան մինչեւ իր հրաժարումը 15 նոյեմբեր 2002: Հիմնադրի ներկայացուցչի պաշտօնին կ’առաջարկուի Մխիթարեան սան Պր. Ռազմիկ Կարօ Մեզիրճիեան եւ Կրթական նախարարութեան 06 Մայիս 2003 թուակիր արտօնագրով կը սկսի իր պաշտօնին:
1999ին պետական կարգադրութեամբ վարժարանս կ’ունենայ երկու գլխաւոր բաժիններ՝ Լիսէն եւ նախակրթական մասը: լիսէի տնօրէնութիւնը կը շարունակէ Պր. Շահին Չընար իսկ նախակրթական բաժնի տնօրէնութեան կը կոչուի է Պր Գարեգին Պարսամեան:
Հիմնուած թուականէն մինչեւ այսօր Մխիթարեան Լիսէն հասցուցած է բազմահարիւր շրջանաւարտներ. Որոնց մէջ կան պետական անձեր, բժիշկներ, գրագէտներ, արուեստագէտներ, Ճարտարագէտներ, երաժիշտներ, իրաւագէտներ, ուսուցիչներ, եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրեալներ, համալսարանի դասախօսներ եւ առեւտրականներ: