22/07/2026
ՀԱԼԷՊԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Թ. եւ ԺԲ. ԿԱՐԳԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ
Հովանաւորութեամբ Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր Հայր Մեսրոպ Վրդ.Սիւլահեանի` Շաբաթ, 18 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ վարժարանիս 9-րդ կարգի ինչպէս նաեւ տարիներու երազ դարձած եւ այս տարի վարժարանիս 90 ամեակի շեմին իրականացած 12-րդ կարգի առաջին հունձքի ամավերջի հանդէսը, Մխիթարեանի դալարագեղ շրջափակէն ներս։
2025_2026 տարեշրջանի Ամավերջի
Հանդիսութեան ներկայացուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, որմէ ետք ընթացք առաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը ձեռամբ Մեծաւոր հօր , եւ Վարժարանիս Տնօրէնուհի՝ Տիկ . Տաթեւիկ Նաճարեանի ։
Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները եւ կը մաղթենք բարի երթ մեր սիրելի աշակերտներուն ։
برعاية وببركة المونسينيور الأب ميسروب سولاهيان رئيس رهبنة الآباء المخيتاريين في الشرق الأوسط
حفل تخرج طلاب المرحلتين الإعدادية والثانوية
#ՄխիթարեանՎարժարան #Մխիթարեան #Վարժարան #Դպրոց
#ՄխիթարեանՀալէպ