31/03/2022
Նորոգ հանգուցեալ, ընկ. Ճորճ Մատոյեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 31 Մարտ 2022-ին, Ա.Մ.Ն.-ի մէջ:
Այս տխուր առթիւ, Ազգային Մշկթ. Միութեան անունով, խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք հանգուցեալին տիկնոջ, զաւակներուն, քոյրերուն, եղբօրը, բոլոր մերձաւորներուն եւ ընկերներուն:
Հանգուցեալը զաւակն էր հանրայայտ հասարակական գործիչ, մարդասէր ու հայրենասէր, միութեանս երկարամեայ ղեկավար` Արամ Մատոյեանի:
Աշխարհագրականօրէն մեզմէ հեռու ըլլալով հանդերձ, ընկ. Ճորճ հաւատարիմ հօրը կտակին, հետամուտ կ`ըլլար միութեանս գործունէութեան, նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալով իրագործուելիք միջոցառումներուն:
Ընկ. Ճորճի մահով, մենք կորսնցուցինք օրինակելի հայ մը, գլխագիր մարդ մը, հաւատաւոր ընկեր մը, որուն բարի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Ազգային Մշկթ. Միութիւն