Armenian Evng Bethel Sec School, مؤسسة الحياة التعليمية الخاصة

  • Home
  • Syria
  • Aleppo
  • Armenian Evng Bethel Sec School, مؤسسة الحياة التعليمية الخاصة

Armenian Evng Bethel Sec School, مؤسسة الحياة التعليمية الخاصة تأسست لتقدم تعليماً عالي الجودة وبيئة تعليمية محفزة, ولتقدم أنشطة رياضية وثقافية لتطوير المهارات

18/08/2026

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊՐՈՎԷԻ ՅԱՋՈՂԱԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Անձնապէս եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդի անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի Պրովէի աշակերտները՝ պետական քննութիւններուն 100% յաջողութեան եւ արձանագրած բացառիկ բարձր արդիւնքներուն համար։

Այս փայլուն յաջողութիւնը ձեր աշխատասիրութեան, նուիրումին եւ հետեւողական ջանքերուն գեղեցիկ արքասիքն է։ Մեր շնորհաւորութիւնները նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին եւ շարունակական աջակցութեան համար։

Աստուած օրհնէ ձեզ եւ առաջնորդէ դէպի նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ։

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան
Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի

THE COMMUNITY PRESIDENT CONGRATULATES ARMENIAN EVANGELICAL BETHEL SECONDARY SCHOOL'S SUCCESSFUL BREVET STUDENTS

Personally and on behalf of the Educational Council of the Armenian Protsetant Community in Syria, I warmly congratulate the Brevet students of the Armenian Evangelical Bethel Secondary School for achieving a 100% success rate in the governmental Brevet examinations, along with exceptionally high have contributed greatly to this success.

May God bless you and guide you as you continue your educational journey toward new achievements and greater success.

Rev. Dr. Haroutune Selimian
President of Armenian Protestant Community in Syria

Յանուն Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, վարժարանիս տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, կը շնո...
18/08/2026

Յանուն Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, վարժարանիս տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, կը շնորհաւորենք 9-րդ կարգի աշակերտներուն 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի պատուաբեր արդիւնքները 100% յաջողութեամբ։
Կը մաղթենք յարաճուն վերելք եւ նորանոր յաջողութիւն։

باسم القس الدكتور هاروتيون سليميان رئيس طائفة الأرمن البروتستانت في سورية، صاحب مؤسسة الحياة التعليمية الخاصة والكادر الإداري والتدريسي نهنئ طلابنا في نتائج امتحانات الشهادة الاعدادية العامة.
نبارك طلابنا و نجدد عهدنا في تقديم ما هو الأفضل لطلابنا في سبيل تحقيق النجاحات لنفتخر بهم جميعاً.

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2025-2026 ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՅետ Ն...
14/08/2026

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2025-2026 ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Յետ Նուիրման պաշտամունքին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Բեթէլի զոյգ քայլերգներով։
Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացուցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր անցած 180-ամեայ պատմական երթը՝ ներկայացումները զուգորդելով պատմական եւ վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն ելոյթներ, ինչպէս նաեւ հայերէն եւ արաբերէն երգեր ու պարեր՝ հանդիսութիւնը վերածելով մշակութային, կրթական եւ ազգային հարուստ ծրագրի։
Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Լուսին Ապաճեան–Չիլաբոշեան, որ անդրադարձաւ 2025–2026 ուսումնական տարեշրջանի կրթական բեղուն ընթացքին, վարժարանի արձանագրած ձեռքբերումներուն, իրականացուած աշխատանքներուն եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն։
Տնօրէնուհին առանձնայատուկ շեշտադրեց Բեթէլի կրթական առաքելութիւնը՝ ոչ միայն բարձրորակ կրթութիւն մատուցելու, այլ նաեւ ազգային, հոգեւոր եւ մարդկային արժէքներով օժտուած երիտասարդներ կերտելու։
Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները՝ վկայականաց բաշխման այս ուրախ եւ յիշարժան առիթով։
Գեղարուեստական բաժինէն ետք շրջանաւարտները բեմ բարձրացան՝ Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ ստանալու իրենց վկայականները։
Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի կրթական տեսլականին մէջ առաջնակարգ եւ գերազանց ըլլալը կը նկատուի կրթական առաքելութեան հիմնական եւ առանցքային չափանիշներէն մէկը։ Այս սկզբունքով, հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի իւրաքանչիւր կարգի առաջնակարգ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ Հայերէնի մէջ գերազանց արդիւնք արձանագրած աշակերտներու պարգեւատրումը։
Այս պահը հանդիսացաւ աշակերտներուն աշխատասիրութեան, հետեւողականութեան եւ կրթութեան հանդէպ ցուցաբերած նուիրումին գնահատանքի արտայայտութիւնը։
Հանդիսութեան բեմավարներն էին Լուսինէ Նանէճեան՝ հայերէն մատուցումով, եւ Մարիլէն Սայէղ՝ արաբերէն մատուցումով։
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Վերապատուելի Համայնքապետը փառք տալով Աստուծոյ՝ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-ամեայ երթին, անոր անցած պատմական ճանապարհին եւ արձանագրած նուաճումներուն։
Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց, որ այսօրուան աշխարհը կ՚ընթանայ յարափոփոխ չափանիշներով եւ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի։ Այս պայմաններուն մէջ, քրիստոնէական հաւատքը կը շարունակէ մնալ այն ամուր հիմքը, որ մարդուն կը ներշնչէ յոյս եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն։
Վերապատուելի Համայնքապետը ըսաւ.
«Աշխարհը յարափոփոխ չափանիշներով կ՚ընթանայ, յատկապէս ծառացող դժուարութիւններուն ընդառաջ։ Այսօր քրիստոնէական մեր հաւատքը ամենակարեւոր իրականութիւնն է, որ մեզի կը ներշնչէ վաղուան յոյսը, մեր տարբերութիւններով մէկտեղ մեզ միասին ծառայելու կը հրաւիրէ»։
Ան իր սրտագին շնորհաւորութիւնները ուղղեց շրջանաւարտներուն՝ մաղթելով, որ անոնք իրենց կրթութիւնը, գիտելիքը եւ հաւատքը ծառայեցնեն բարիքի եւ համայնքի զարգացման։
Վերապատուելի Համայնքապետը նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտներուն եւ ծնողներուն՝ իրենց նուիրումին, համագործակցութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ։
Այսպիսով, 12 Օգոստոս 2026-ի այս յիշարժան օրը դարձաւ ոչ միայն 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտներու շրջանաւարտութեան տօնը, այլ նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-ամեայ հաւատքի, կրթութեան եւ ծառայութեան երթը վերարժեւորող հանդիսութիւն մը։
Բեթէլը եւս մէկ անգամ վերահաստատեց իր առաքելութիւնը՝ կրթել, կերտել եւ պատրաստել նոր սերունդներ, որոնք գիտութեամբ, հաւատքով եւ արժէքներով պիտի ծառայեն իրենց ընտանիքին, համայնքին, ազգին եւ Աստուծոյ փառքին։
Հալէպ, 12 Օգոստոս 2026

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2025-2026 ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՄԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՀովանաւորու...
14/08/2026

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2025-2026 ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՄԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին
Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեայ երթին նուիրուած՝ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերու Նուիրման պաշտամունքն տեղի ունեցաւ 12 Օգոստոս 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ մէջ։
Նուիրման պաշտամունքին ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կրթական Խորհուրդի անդամներ, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ծնողներ, ընտանիքներ եւ հրաւիրեալ հիւրեր։
Պաշտամունքը սկիզբ առաւ Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմի եւ աշակերտներու հանդիսաւոր մուտքով՝ ստեղծելով օրուան խորհուրդին համապատասխան հոգեւոր եւ հանդիսաւոր մթնոլորտ։
Վերապատուելի Համայնքապետը իր պատգամին մէջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին եւ շրջանաւարտութեան այս ուրախ առիթին՝ շեշտելով հայ դպրոցին ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը հայ իրականութեան մէջ։
Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան կարեւորութիւնը անհատին կեանքին մէջ՝ նշելով, որ գիտութիւնը, երբ առաջնորդուի աստուածային իմաստութեամբ, կը դառնայ ոչ միայն գիտելիքի ձեռքբերման, այլեւ մարդակերտումի եւ ամբողջական անձի ձեւաւորման միջոց։
Շրջանաւարտներուն ուղղելով իր պատգամը՝ Վերապատուելի Դոկտ. Սելիմեան շեշտեց.
«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, գիտութիւնը որոնելու ուղին միահամուռ Աստուծոյ իմաստութեամբ թող զուգորդուի»։
Նուիրման պաշտամունքի ընթացքին իրենց բաժինը բերին նաեւ շրջանաւարտները։
ԺԲ. կարգի աշակերտներէն Վանա Բրդոյեան հայերէնով, իսկ Ճուտ Թապսի՝ անգլերէնով, արտասանեցին իրենց երախտագիտական եւ հրաժեշտի խօսքերը։
Անոնք անդրադարձան Բեթէլի մէջ իրենց անցուցած տարիներուն, ուսուցիչներու եւ ծնողներու նեցուկին ու ցուցաբերած հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին ուսումնատենչ, աշխատասէր եւ հետեւողական ըլլալու կարեւորութիւնը։
Շրջանաւարտները իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք իրենց կողքին գտնուեցան եւ իրենց աջակցութեամբ ու քաջալերանքով նպաստեցին, որպէսզի անոնք վստահութեամբ եւ առանց խոչընդոտներու շարունակեն իրենց ուսման ճանապարհը։
Նուիրման պաշտամունքի գեղարուեստական բաժինին իրենց երաժշտական մասնակցութիւնը բերին ԺԲ. կարգէն Արգինա Շէօհմէլեան՝ ջութակով, եւ Թ. կարգէն Պօղոս Նանէճեան՝ դաշնամուրով՝ ներկայացնելով դասական երաժշտական ստեղծագործութիւններ։
Այնուհետեւ Սթեֆանի Ալ Նահի մեներգեց «Սուրբ, Սուրբ» երգը՝ Պարգեւ Ապաճեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Նուիրման պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական Աղօթք»-ի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց Համայնքապետ Վերապատուելիին օրհնութեան աղօթքը։

12/08/2026
12/08/2026

We are ready...

11/08/2026

🎓9th & 12th Grades Graduation Ceremony
12-8-2026🎓

10/08/2026

ԲԱՑ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԵԹԷԼ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

OPEN CLASSROOM INITIATIVE AT BETHEL KINDERGARTEN

Ծիլ Դասարանի Յուլիս ամսուան առօրեայէն՝ գեղեցիկ եւ  անմոռանալի պատառիկներ։ 🌱✨Խաղով, ստեղծագործութեամբ, երգով եւ նոր բացայ...
09/08/2026

Ծիլ Դասարանի Յուլիս ամսուան առօրեայէն՝ գեղեցիկ եւ անմոռանալի պատառիկներ։ 🌱✨
Խաղով, ստեղծագործութեամբ, երգով եւ նոր բացայայտումներով լեցուն օրեր, որոնց ընթացքին մեր փոքրիկ «Ծիլ»-երը սորվեցան, աճեցան եւ ուրախութեամբ նոր յիշողութիւններ կերտեցին։
Սիրով կը բաժնեկցինք այս ջերմ պահերը ձեզի հետ։ 💚

ԲԱՑ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԵԹԷԼ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍՉորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ մանկապարտ...
06/08/2026

ԲԱՑ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԵԹԷԼ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ մանկապարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ «Բաց դասարաններ» խորագիրով կրթական նախաձեռնութիւն մը՝ հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։
Նախաձեռնութիւնը ներկայացուց վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան, որ ողջունելով ներկաները՝ փոխանցեց Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ողջոյններն ու օրհնութիւնները եւ ներկայացուց նախաձեռնութեան նպատակը՝ ծնողները աւելի մօտէն հաղորդակից դարձնելու մանկապարտէզի կրթական ծրագիրներուն եւ ուսուցման նորարարական մեթոտներուն։
Այնուհետեւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Անի Կարճիքեան-Հարպոյեան առաջնորդեց ծնողները դասարաններ, ուր անոնք ծանօթացան իւրաքանչիւր կարգի կրթական ծրագիրին, կիրառուող մեթոտներուն, դասագիրքերուն, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզէն ներս ֆրանսերէնի ուսուցման ծրագիրին։
Ծրագիրի ընթացքին ծնողները նաեւ մասնակցեցան զանազան փորձառական գործունէութիւններու՝ ուղղուած երեխաներու զգացական աշխարհը բացայայտելու եւ զարգացնելու։ Անոնք մասնակցեցան կրթական խաղերու, աւազի վրայ գծագրութեան եւ նախագրաճանաչողական աշխատանքներու։
Նախաձեռնութիւնը եզրափակուեցաւ շուրջպարով մը, որ դարձաւ երեխաներու զգացումներու, ուրախութեան եւ հայկական մշակոյթի արժէքներու գեղեցիկ արտայայտութիւն։
«Բաց դասարաններ»-ը հանդիսացաւ գեղեցիկ առիթ մը՝ ամրապնդելու դպրոց-ընտանիք կապը եւ ծնողները դարձնելու կրթական գործընթացի աւելի անմիջական մասնակիցներ։
Հայ Աւետարանական Բեթէլ մանկապարտէզը կը շարունակէ կրթել՝ սիրով, նորարարութեամբ եւ ազգային արժէքներու պահպանմամբ։

OPEN CLASSROOM INITIATIVE AT BETHEL KINDERGARTEN

On Wednesday, August 5, 2026, an educational initiative entitled “Open Classrooms” was held at Armenian Evangelical Bethel Kindergarten under the auspices of Rev. Dr. Haroutune Selimian, Head of the Armenian Protestant Community in Syria.
The initiative was presented by the school principal, Mrs. Lousin Abajian-Chilaposian, who welcomed the attendees, conveyed the greetings and blessings of Rev. Dr. Haroutune Selimian, and explained the purpose of the initiative: to bring parents closer to the kindergarten’s educational programs and innovative teaching approaches.
Following the introduction, the kindergarten director, Mrs. Ani Garjikian-Harboyan, guided the parents through the classrooms, where they became familiar with the educational programs of each level, the teaching methods, textbooks, as well as the French language learning program implemented at the kindergarten.
During the program, parents also participated in various experiential activities designed to discover and develop children’s emotional world. They engaged in educational games, sand drawing activities, and pre-writing exercises that support children’s early learning skills.
The initiative concluded with a traditional circle dance, becoming a beautiful expression of children’s emotions, joy, and Armenian cultural values.
The “Open Classrooms” initiative was a meaningful opportunity to strengthen the bond between school and family and to encourage parents to become more active participants in the educational journey.
Armenian Evangelical Bethel Kindergarten continues to nurture young minds with love, innovation, and the preservation of national values.

Address

Aleppo

Telephone

+963214659530

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Evng Bethel Sec School, مؤسسة الحياة التعليمية الخاصة posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The School

Send a message to Armenian Evng Bethel Sec School, مؤسسة الحياة التعليمية الخاصة:

Shortcuts

Share

Category