30/05/2026
Երէկ` Ուրբաթ 29 Մայիսին, մեր վարժարանէն ներս տիրեց աննախընթաց խանդավառութիւն, երբ միասնաբար տօնեցինք «UAC Day»-ը՝ զայն միահիւսելով Մայիս 28-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան փառապանծ խորհուրդին։
Օրը սկսաւ աշխոյժ ու ընկերական խաղերով։ Մեր խումբերը հպարտութեամբ կրեցին Մայիսեան հերոսամարտերու անունները՝ Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ եւ այդ յաղթանակներու կերտիչ ու հիմնադիր` Արամ Մանուկեանի անունը, մարմնաւորելով Հայաստանի ու Արցախի դրօշներուն չորս սրբազան գոյները. կարմիրը, կապոյտը, նարնջագոյնն ու ճերմակը։ Դադարներու ընթացքին աշակերտներու խմբային պարերը ա՛լ աւելի ճոխացուցին մթնոլորտը։ Լարուած ու խնդուն մրցակցութենէ ետք, բարձրագոյն նիշերը հաւաքելով, յաղթանակը խլեց նարնջագոյնը խորհրդանշող Ղարաքիլիսէ խումբը։
Օրուան խրախուսիչ պահը գնահատագիրերու բաշխման պահն էր. բոլոր անոնք, որոնք մեր դպրոցին անունով մասնակցած էին արտադասարանային մրցանքներու կամ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած` արժեւորուեցան գնահատագիրերով։
Յայտագիրին փակումը իսկական ազգային հանդէս մըն էր՝ նուիրուած Անկախութեան տօնին.
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դարձած` հնչեցուցին խմբային տպաւորիչ արտասանութիւն։
Տարրական դասարաններու փոքրիկները հիացուցին բոլորս իրենց եռագոյնի գեղեցիկ ցուցադրութեամբ։
Երկրորդականի աշակերտները հանդէս եկան հայկական ճոխ պարով, որուն անմիջապէս յաջորդեց 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու կազմած հզօր ու խորհրդանշական բուրգը։
Վերջապէս, վերէն վար անձրեւող եռագոյն փուչիկներու հեղեղը մեր աշակերտներուն պարգեւեց անմոռանալի բերկրանքի պահեր։
Այսպէս աւարտեցինք ազգային հպարտութեամբ, ծիծաղով ու յաղթական շունչով ողողուած այս ճոխ օրը։ Վարձքը կատար մեր բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին, որոնք այս տօնը վերածեցին անմոռանալի յիշատակի։