Արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութիւն

Արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութիւն Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութիւն, Educational Research Center, New Cilicia, Burj Hammud.

This page is about activities concerning the formation of the Western Armenian National Corpus and the development of Western Armenian Speech-to-Text and Text-to-Speech tools, as part of the Public Initiative for National Acceleration. Սիրելի բարեկամներ,

Մեկնարկած է Արեւմտահայերէն խօսքի ճանաչման (Automated Speech Recognition կամ Speech-to-text) եւ խօսքի սինեթզի (Text-to-Speech) շարժիչներուն կառուցումը, որուն մասնակցելուն կը հրաւիրենք նաեւ ձեզ։
Այս շարժիչները մեր ապրած թուային դարաշրջանին մէջ Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան, օգտագործման եւ տարածման համար պիտի ունենան չափազանց մեծ կարեւորութիւն եւ կոչուած են ըլլալու շատ կարեւոր իրագործումներ անոր թուային յառաջդիմութեան մէջ։

STT

Automated Speech Recognition (ARS) կամ Speech-to-Text (STT) շարժիչները համակարգչային ծրագիր-գործիքներ են, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ճանչնալու որեւէ լեզուի բանաւոր խօսքը եւ զայն "կը թարգմանեն", կը վերածեն թեքսթի՝ համակարգչային լեզուագիտութեան միջոցով։ Համաշխարհային փորձառութեան մէջ STT-ը առաւելաբար կը կիրարկուի բանաւոր խօսքի միջոցով պետական, առեւտրական, ֆինանսական, առողջապահական, մշակութային եւ հանրային այլ կառոյցներու հետ մարդոց յարաբերութիւնները ինքնագործ դարձնելուն մէջ։

TTS

Ձայնի սինթեզի (TTS) շարժիչը ելեկտրոնային թեքսթերը կը վերափոխէ դիւրութեամբ հասկնալի ձայնային հաղորդագրութեան: TTS-ը կրնայ օգտագործուիլ կայքէջերու յօդուածներ, հեռախօսի վրայ ստացուած նամակներ, գիրքեր եւ ուսուցողական նիւթեր կարդալու համար: Անիկա շատ պիտանի գործիք մըն է տեսողական խնդիրներ ունեցող, տարեց կամ գրաճանաչութեան հետ կապուած դժուարութիւններ ունեցող մարդոց համար։

Աշխարհը եւ մենք

Այս արհեստագիտութեան մէջ հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է աշխարհի մեծ թէ փոքր գրեթէ բոլոր լեզուներուն մօտ․ ժամանակն է, որ Արեւմտահայերէնը միանայ անոնց։ Արեւմտահայերէնի պարագային, այս գործիքներուն նշանակութիւնը մեծ է յատկապէս կրթութեան, ստեղծագործական գործունէութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ փոխանցման , ուսման եւ ժամանցի ոլոտներուն մէջ։

Հիմնադարանը

Արեւմտահայերէնին համար թուային այս եւ այլ գործիքներ մշակելու նպատակով անհրաժեշտ է ձեւաւորել Արեւմտահայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի գորբուս՝ հիմնադարան, որուն համար եւ ուղղուած է սոյն հրաւէրը՝ ձեզի։
Հիմնադարանը ըստ էութեան բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի անհրաժեշտ այն Data կեդրոնն է, առանց որուն խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ TTS- ի, STT-ի եւ այդ շրջանակի թուային այլ գործիքներու կառուցման մասին։

ԻՆՉՊԷՍ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ․ ՁԱՅՆԱԳՐԵԼ

Հիմնադարանը ձեւաւորելու համար, ընդամէնը անհրաժեշտ է մուտք գործել մեր կայքը՝ https://arm.ican24.net/hyw , ընտրել որեւէ թեքսթ եւ ձայնագրել զայն համակարգիչի կամ բջիջային հեռախօսի օգնութեամբ: Միջինը կը պահանջուի 15֊20 վայրկեան: Եթէ տարբեր պատճառներով չկարենաք կամ չհասցուցիք ձայնագրել ամբողջ թեքսթը մէկ անգամով, կրնաք ատիկա ընել աւելի ուշ․ համակարգը պիտի «ճանչնայ» ձեզ։ Անիկա պիտի պահպանէ նաեւ բոլոր այն մասնակի կամ ամբողջական ձայնագրութիւնները, որոնք դուք կրցած էիք վերբեռնել (upload) նախորդ անգամներուն:

Թեքսթերը

Որպէս սկիզբ, ձայնագրութեան համար մեր կայքին մէջ տեղադրուած են մօտ 160 տարբեր թեքսթ-պարբերութիւններ, առնուած պոլսահայ-ֆրանսահայ անուանի հրապարագիր Շաւարշ Միսաքեանի գրութիւններէն։ Ընտրութիւնը կատարուած է միայն ու միայն հաշուի առնելով Միսաքեանի լեզուին յատկութիւնները՝ դասական, կուռ եւ պարզ։ Հետագային համալրում պիտի կատարուի այլ հեղինակներէ։ Եթէ դուք կը նախընտրէք ձայնագրել ձեր սեփական թեքսթերը, ապա կրնաք ընել ատիկա կայքին մէջ, ուր կայ համապատասխան բաժին մը ատոր համար։ Նոյն տեղը կրնաք վերբեռնել ձեր մօտ եղած այլ ձայնագրութիւններ, անոնց թեքսթերով։

Նշաձողը

Ծրագիրին կատարման համար տարբեր ձայնագրողներու նուազագոյն շեմը 80-ն է․ 140 տարբեր ձայնագրողներու պարագային, խօսքին ճանաչումը մօտիկ կ՛ըլլայ կատարեալին, իսկ աւելին արդէն կ՛ապահովէ միանշանակ ճանաչում բոլոր պարագաներուն: Ընդհանուրը, կարիքը կայ մօտ 500 ժամ ձայնագրութեան՝ լաւագոյն արդիւնքին համար։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՐԱՆՑՈՒՄ

Ձայնագրութիւններուն կատարման համար կայքին մէջ գրանցումը անհրաժեշտ է մասնակիցներու նոյնականացման (identification) համար: Մասնակիցներուն անուն֊ազգանունները պիտի գրուին Արեւմտահայերէն խօսքի ճանաչման առաջին գործիքը մշակողներու ցուցակին մէջ՝ որպէս պատմական փաստի արձանագրութիւն:

Կազմակերպութիւնը

Արեւմտահայերէնի հիմնադարանին ձեւաւորումը եւ անոր հիմքին վրայ առաջին հերթին Արեւմտահայերէն խօսքի ճանաչման գործիքին մշակումը կ՛իրականացուի Հայաստանի մէջ սկսած Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ, անկախ՝ պետական-կառավարական կառոյցներէն։ Նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ արձանագրած է լուրջ յաջողութիւններ՝ Արեւելահայերէն արուեստական ձայնի սինթեզի (Text To Speech), խօսքի ճանաչման (Automatic Speech Recognition) եւ մեքենայական թարգմանութեան (Neural Machine Translation) մշակումի ոլորտներուն մէջ։

Սիրելի բարեկամներ,

Լայն կիրարկութեան TTS-ի եւ STT-ի մշակումն ու գործարկումը կրթութեան եւ մշակոյթի նոր ձեւերու առանցքային գործիքներ են արհեստագիտական այս դարուն մէջ: Այս արհեստագիտութեան շնորհիւ համակարգչային թէ բջիջային յաւելուածներ, գործիքներ եւ տարբեր սարքեր պիտի կրնան իրական ժամանակի մէջ ընդօրինակել Արեւմտահայերէն ձայնային հոսքերը` անոնց թեքսթերը արտադրելու եւ անոնց հիման վրայ գործելու համար, ինչպէս նաեւ կատարեն հակառակ ուղղութեան գործողութիւնը՝ մեծ ճշգրտութեամբ թեքսթերու ձայնային «թարգմանութիւնը»։

Մասնակցելով այս նախաձեռնութեան, դուք կը ձեւաւորէք թուային դարաշրջանի Արեւմտահայերէնի գործիքներու մշակման համար ատաղձի ամենակարեւոր եւ անփոխարինելի շտեմարանը՝ հիմնադարանը, դուռը լայն բանալով անոր հիմքին վրայ թափ առնելիք թուային յառաջդիմութեան առջեւ, առանց որուն Արեւմտահայերէնի կենդանութիւնն ու կենսունակութիւնը դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել շուտով։

Եկէ՛ք միասին արդիականացնենք Արեւմտահայ լեզուի գործածութեան եւ զարգացման միջոցները եւ այդպիսով նպաստենք ամբողջ աշխարհի մէջ հայ մշակոյթի յառաջդիմութեան։

Նախապէս շնորհակալ ենք եւ կ՛ակնկալենք աշխոյժ մասնակցութիւն:

Վարդան Թաշճեան
Ծրագրի համակարգող
Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութիւն
26 Փետրուար, 2022

Հայ մշակոյթի ժառանգութեան "Պատկեր" կեդրոնին մէջ (Պէյրութ, Լիբանան) խումբ մը հայրենակիցներով  խօսեցանք Արեւմտահայերէնի ազ...
09/06/2022

Հայ մշակոյթի ժառանգութեան "Պատկեր" կեդրոնին մէջ (Պէյրութ, Լիբանան) խումբ մը հայրենակիցներով խօսեցանք Արեւմտահայերէնի ազգային հիմնադարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մասին: Շնորհակալ ենք կեդրոնի տնօրէնուհի Արփի Մանկասարեանին` հիւրընկալութեան համար:

Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ հանրութեան ներկայացնել արեւմտահայերէնի համար թուային գործիքներու...
02/06/2022

Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ հանրութեան ներկայացնել արեւմտահայերէնի համար թուային գործիքներու մշակման ուղղուած իր աշխատանքները, այս ոլորտին մասին հանրութեան գիտակցութիւնը եւ մասնակիցներու շրջանակը ընդլայնելու նպատակով:

23/05/2022

«Գիւտ մը, նիւթ մը» մանուկներու եւ պատանիներու համար Youtube կայան մըն է, որ կը սփռէ վիտէօ նիւթեր հայ գիւտարարներու կեանքին, անոնց կատարած գիւտերուն եւ գիտական հետաքրքրական երեւոյթներու մասին։
Այս նախագիծը ուղղուած է գիտութեան եւ ազգային մշակոյթին միջեւ կապ ստեղծելուն՝ մանուկներու եւ պատանիներու միջավայրին մէջ։
Արեւմտահայերէնով կատարուող զրոյցներուն կ՚ընկերակցին պատկերաւոր եւ տեսողական ընկալումը ապահովող տեսերիզներ։
Նախագիծին ղեկավարն է Նորա Սարաֆեան Թաշճեան: Տիկին Սարաֆեան Ազգային արագացման նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ կը ղեկավարէ Արեւմտահայերէնի հիմնադարանի ձեւաւորման ուղղուած աշխատանքները՝ Ալֆորվիլի Սուրբ-Մեսրոպ Արապեան վարժարանին մէջ։ Այս վարժարանի աշակերտներուն՝ Արեւմտահայերէնի հիմնադարանի ձեւաւորման մասնակից ֆրանսահայ մեր փոքրիկ բարեկամներու ներդրումին մասին պիտի անդրադառնանք մօտիկ ապագային։
https://www.facebook.com/kudmnutm

«Գիւտ մը, նիւթ մը» կը ներկայացնէ Հայ գիւտարարներու հնարքները եւ անոնց կեանքերը։

Արեւմտահայերէնը հիմնական լեզուն էր այն հայերուն, որ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ ցեղասպանուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ...
24/04/2022

Արեւմտահայերէնը հիմնական լեզուն էր այն հայերուն, որ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ ցեղասպանուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ, տեղահանուեցան իրենց հայրենիքէն ու սփռուեցան աշխարհով մէկ: Այս լեզուն հաղորդակցութեան եւ ստեղծագործութեան ամենահարազատ միջավայրն էր միլիոնաւոր մարդոց համար՝ իրենց բնաշխարհին մէջ. Ցեղասպանութեան հետեւանքով, հայրենազրկումին հետ միասին քանդուեցաւ նաեւ այդ միջավայրը եւ լեզուն ինքը եւս դարձաւ տարագիր:

Այսօր, Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն ժառանգները՝ Արեւմտահայ լեզուն կրողները կրողներն են նաեւ մարտահրաւէրի մը, որ կը վերաբերի անոր կենսունակութիւնը հաստատելուն:

Սա եւս պայքար է յանուն յիշողութեան, պահանջատիրութեան եւ հարազատ գիրով ու խօսքով ստեղծագործելուն եւ հաղորդակցելուն:

Եկէք միասնաբար հայոց միջեւ կառուցենք նոր ճամբաներ եւ նոր կամուրջներ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան համար, եւ նոր գործիքներ՝ ի սպաս ստեղծագործութեան եւ ապրումի:
https://aws.ican24.net/hywrec/index.php

Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրներու համակարգող Վարդան Թաշճեանի հարցազրոյցը` ՍԻՎԻԼՆԵԹ-ի...
13/04/2022

Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրներու համակարգող Վարդան Թաշճեանի հարցազրոյցը` ՍԻՎԻԼՆԵԹ-ին (Երեւան, Հայաստան): Շնորհակալութիւն լրագրող Արէն Քերթեշեանին` հիւրընկալութեան համար:

Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ սկսած է արեւմտահայերէն STT եւ TTS գործիքներու կառուցումը։ Ի՞նչ են այս գործիքները։ Ի՞նչ կարեւորութիւն ...

Սիրելի բարեկամներ, կը հրաւիրենք ձեզ աշխուժօրէն մասնակցելու արեւմտահայերէնի հիմնադարանը ձեւաւորելու գործին, որուն պիտի հե...
26/03/2022

Սիրելի բարեկամներ, կը հրաւիրենք ձեզ աշխուժօրէն մասնակցելու արեւմտահայերէնի հիմնադարանը ձեւաւորելու գործին, որուն պիտի հետեւի արեւմտահայերէն text-to-speech եւ speech-to-text գործիքներուն կառուցումը:
Ատոր համար ընդամէնը անհրաժեշտ է մուտք գործել այս նպատակին համար ստեղծուած կայքը՝ https://aws.ican24.net/hywrec/index.php, ընտրել որեւէ թեքսթ եւ ձայնագրել զայն համակարգիչի կամ բջիջային հեռախօսի օգնութեամբ (IOS, Android): Կայ նաեւ հնարաւորութիւնը ձայնագրելու թեքսթեր՝ ձեր ընտրութեամբ: Միջինը կը պահանջուի 15֊20 վայրկեան:
Այս ճանապարհով մենք միասնաբար կրնանք նպաստել արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութեան, առանց որուն դժուար պիտի ըլլայ մտածել մեր լեզուի կենսունակութեան մասին յատկապէս նոր սերունդի շրջանակին մէջ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Փարիզի Նոր Յառաջ երկօրեայ թերթին, որ վաղը՝ Հինգշաբթի, 24 Մարտին տպագրուելիք իր համարին մէջ պ...
23/03/2022

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Փարիզի Նոր Յառաջ երկօրեայ թերթին, որ վաղը՝ Հինգշաբթի, 24 Մարտին տպագրուելիք իր համարին մէջ պիտի հրապարակէ մեր նախաձեռնութեան մասին յօդուած մը:
Իրազեկելով հանրութիւնը այս նախաձեռնութեան մասին, մամուլի միջոցները կ՛օգնեն ինչպէս անոր իրականացման, նոյնպէս եւ արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութեան շուրջ հանրային գիտակցութեան տարածման:
Nor Haratch

Սիրելի ընկերներ, կարիքը կայ կամաւորներու՝ 10 փոքր ծաւալի տպագիր էջ գրաշարելու համար: Կամաւորներէն կը խնդրենք կապուիլ մես...
21/03/2022

Սիրելի ընկերներ, կարիքը կայ կամաւորներու՝ 10 փոքր ծաւալի տպագիր էջ գրաշարելու համար: Կամաւորներէն կը խնդրենք կապուիլ մեսենճըրով կամ էջին մէջ գրանցուած կապի միջոցներով:
--------------------------------------------------------------------------(Թարմացում. խնդիրքը` լուծուած)

Շնորհակալութիւն` Համբի Էլմաճեանին (Լիբանան) եւ Յասմիկ Քիւրտեանին (ԱՄՆ), աշխատանքը սիրով յանձն առնելնուն համար:

Պոսթընի "Հայրենիք" շաբաթաթերթը Մարտ 12-ին հրապարակեց մեր նախաձեռնութեան մասին բացատրական հաղորդագրութիւնը:Յաջողութիւն կը...
12/03/2022

Պոսթընի "Հայրենիք" շաբաթաթերթը Մարտ 12-ին հրապարակեց մեր նախաձեռնութեան մասին բացատրական հաղորդագրութիւնը:

Յաջողութիւն կը մաղթենք 1899-էն ի վեր անընդմիջաբար հրատարակուող "Հայրենիք"ին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք յարգարժան խմբագրութեան:

Սկսած է արեւմտահայերէն խօսքի ճանաչման (Automated Speech Recognition կամ Speech-to-Text) եւ խօսքի սինեթզի (Text-to-Speech) շարժիչներուն կառուցումը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած են արեւմտահայ....

Սփիւռքի հայկական երիտասարդական, մարզական, ուսանողական, կնոջական, կրթական, մշակութային, արուեստի եւ այլ տեսակի միութիւննե...
11/03/2022

Սփիւռքի հայկական երիտասարդական, մարզական, ուսանողական, կնոջական, կրթական, մշակութային, արուեստի եւ այլ տեսակի միութիւնները եւ այն բոլոր միաւորները, ուր կան հայերէն կարդացողներ, հրաւիրուած են մասնակցելու արեւմտահայերէնի ձայնադարանի ձեւաւորումին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ մշակել արեւմտահայերէնի թուային գործիքներ՝ բոլորի օգտագործման համար:

/նկարին մէջ՝ հանդիպում-զրոյց Փասատինայի Յովսէփեան վարժարանի աշակերտներուն հետ, առ ի նախապատրաստութիւն՝ այս աշխատանքին անոնց մասնակցութեան/

Address

New Cilicia
Burj Hammud
1203

Opening Hours

Monday 10:00 - 18:00
Tuesday 10:00 - 18:00
Wednesday 10:00 - 18:00
Friday 10:00 - 18:00

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութիւն posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The School

Send a message to Արեւմտահայերէնի թուային յառաջդիմութիւն:

Shortcuts

Share