27/09/2026
Կիրակի Սեպտեմբեր
27-ին, ըստ հին տոմարի,Խաչվերացը, որ Ս. Խաչի նուիրուած գլխաւոր տօնակատարութիւնն է ու Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներու վերջինը, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ։
Այս առթիւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի սաները՝ իրենց ուսուցչուհիներու ուղեկցութեամբ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, հաղորդակից դառնալով Ս. Սեղանի անմահ խորհուրդին ու հայցելով Ս. Խաչի պաշտպանութիւնը։