16/06/2026
Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Շրջանաւարտից Հանդէս
—————————
Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Ամավերջի հանդէսը:
Միաբանութիւնը դիմաւորուեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի օրհներգ «Սիրտ ի սիրտ» երգի հնչիւններու ներքոյ, ապա յոտնկայս երգուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը:
Հանդիսութեան ամբողջ ընթացքին Ժառանգաւորաց վարժարանի շրջանաւարտները հանդէս եկան իրենց աւարտական խօսքերով. Մկրտիչ Կրտիկաշեան՝ արաբերէն, Երուանդ Մկրտչեան՝ հայերէն, Գրիգոր Բաբայեան՝ եբրայերէն, Ժակ Մելքոնեան՝ անգլերէն, եւ Նարեկ Աւագեան՝ հայերէն։
Ընծայարանի շրջանաւարտներէն Բարեշնորհ Մուշեղ Սարկաւագ Սարգսեան՝ հայերէն, Տիրացու Հրանտ Բադալեան՝ անգլերէն, եւ Տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան՝ հայերէն, նոյնպէս հանդէս եկան աւարտական խօսքերով։
Գեղարուեստական յայտագրի ծիրին մէջ ասմունքներով հանդէս եկան Ա. դասարանի աշակերտներ Ռաֆայէլ Սուքիասեան, Պետրոս Մխիթարեան եւ Էտուարտ Մարտիրոսեան (ուսուցիչ՝ Դոկտ. Անուշ Նագգաշեան)։ Գ. դասարանի աշակերտ Միքայէլ Ղազարեան ներկայացուց դաշնամուրի գեղեցիկ կատարում։ Շրջանաւարտներէն Տիրացու Հրանտ Բադալեան հանդէս եկաւ մեներգով, իսկ Ժառանգաւորաց վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց խմբերգեր՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տիար Գէորգ Բադալեանի։
Հանդիսութեան աւարտին Վարժարանի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան, նախ իր սրտի խօսքն ու հայրական խրատը փոխանցեց շրջանաւարտներուն, ապա ներկայացուց Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան տեղեկագիրը։
Ապա ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Ընծայարանին օժանդակող անձերուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Այս առիթով, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Ժառանգաւոր սաները ծաղիկներ յանձնեցին ուսուցչուհիներուն եւ մայրիկներուն։
Այնուհետեւ, բարձր գնահատելով անգլերէնի ուսուցչուհի Տիկին Անահիտ Աւագեանի տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, Հայր Գէորգը, տեսչութեան անունով, յուշանուէր մը յանձնեց անոր եւ մաղթեց առատ յաջողութիւն կեանքի նոր հանգրուանին եւ յետագայ գործունէութեան մէջ, քանի որ Տիկին Անահիտ, իր իսկ փափաքով, պիտի վերադառնայ հայրենիք։
Իր խօսքի աւարտին տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց բարի երթ մաղթեց։ Ապա հրաւիրեց Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որպէսզի յանձնէ շրջանաւարտներու վկայականները, ինչպէս նաեւ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի առաջադէմ սաներուն նախատեսուած մրցանակները։
Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն ետք Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց անոնց։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս օրհներգով, «Պահպանիչ»-ով եւ «Հայր մեր»-ով, որմէ ետք ներկաները պատուուեցան սիրալիր հիւրասիրութեամբ։
Ընծայարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներն էին.
Բարեշնորհ Մուշեղ Սարկաւագ Սարգսեան
Տիրացու Հրանտ Բադալեան
Տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան
Ժառանգաւորաց վարժարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներն էին.
Գրիգոր Բաբայեան
Երուանդ Մկրտչեան
Ժակ Մելքոնեան
Մկրտիչ Կրտիկաշեան
Նարեկ Աւագեան
02/06/2026
Յունիսի 1-էն մեկնարկեցան Ժառանգաւորաց Վարժարանի տարեվերջեան քննութիւնները։ Այս օրերը ուսանողներուն համար պատասխանատու եւ կարեւոր հանգրուան մըն են, երբ ամբողջ տարուան ընթացքին ձեռք բերուած գիտելիքները, ջանքն ու նուիրումը կ՚ամփոփուին քննութիւններու միջոցաւ։
Մաղթենք, որ բոլոր սաները յաջողութեամբ յաղթահարեն այս շրջանը, ցուցաբերեն հանդարտութիւն, վստահութիւն եւ իմաստութիւն, եւ արժանի պսակը ստանան իրենց աշխատասիրութեան ու հետեւողականութեան համար։
Աղօթենք, որ Ամենակալ Աստուած լուսաւորէ անոնց միտքը, զօրացնէ կամքը եւ առաջնորդէ զիրենք դէպի նոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ։
Բարի ընթացք եւ յաջող քննութիւններ բոլոր ժառանգաւորներուն։
28/05/2026
Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանի եւ տոքթ. Անուշ Նագաշեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ 1918-ի Մայիս 28-ի՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսաւոր երեկոյ մը։ Միջոցառումը համախմբեց ազգային ոգին, պատմական յիշողութիւնն ու մշակութային շունչը մէկ յարկի տակ։
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցան բանախօսութիւններ եւ դասախօսական ելոյթներ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, պետականութեան վերածնունդին եւ Մայիսեան հերոսամարտերու պատմական նշանակութեան։ Ժառանգաւորաց Վարժարանի սաները հանդէս եկան հայրենասիրական երգերի կատարումներով, որոնք իրենց հոգեպարար հնչիւններով յուզեցին ներկաները եւ վերակենդանացուցին ազգային հպարտութեան զգացումը։
Միջոցառումի աւարտէն ետք, Ժառանգաւոր սաները՝ իրենց ուսուցիչներուն եւ տեսուչ Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանի առաջնորդութեամբ, այցելեցին Tower of David, ուր դիտեցին Դաւթի Աշտարակի լուսային շքեղ ցուցադրութիւնը։ Պատմական պարիսպներուն վրայ կենդանացող պատկերներն ու երաժշտական ուղեկցութիւնը հանդիսացան անմոռանալի փորձառութիւն մը՝ միացնելով պատմութիւնը, արուեստը եւ ազգային յիշողութիւնը մէկ գեղեցիկ երեկոյի մէջ։
Այս ձեռնարկը դարձաւ ոչ միայն տօնական հաւաք, այլ նաեւ հայրենասիրական դաստիարակութեան արժէքաւոր արտայայտութիւն մը, որ սերունդներուն կը փոխանցէ ազգային ինքնութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի նկատմամբ սէրն ու նուիրումը։
07/05/2026
ԸՆԴՈւՆԵԼՈւԹԻՒՆ
ԵՐՈւՍԱՂԷՄԻ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ
2026-2027 ՈւՍՈւՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան կարող են դիմել 15 տարեկանը բոլորած հայորդիներ, որոնք ունեն հիմնական, աւագ եւ աւելի բարձր կրթութիւն:
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան ընդունուելու համար դիմորդները պիտի յանձնեն քննութիւն՝ հետեւեալ առարկաներից.
1. Հայոց լեզու (գրաւոր)
2. Հայ Գրականութիւն (գրաւոր)
3. Հայոց Պատմութիւն (գրաւոր)
4. Երաժշտութիւն (Երգեցողութիւն, երաժտական ընդունակութիւն, ռիթմի զգացողութիւն)
5. Քրիստոնէական գիտելիքներ (հարցազրոյց):
Դիմումները եւ ներքոյիշեալ փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է ներկայացնել Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսչի անունով.
1. Դիմում
2. Հիմնական, աւագ կամ աւելի բարձր կրթութեան վկայական
3. Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան վկայական
4. Ինքնակենսագրութիւն
5. Բնութագիր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուի կամ առաջնորդի կողմից
6. Բնութագիր դպրոցի տնօրէնի կողմից
7. Զինուորական կցագրման վկայական
8. Անձնագրի կրկնօրինակ (պատճէն)
9. Ծննդեան վկայականի կրկնօրինակ (պատճէն)
10. 4 լուսանկար (5 X 5 չափի)
11. Տեղեկանք առողջութեան մասին
Ուսանողի ճանապարհի ծախսը, սնունդը, հագուստը, բժշկական եւ ուսման ծախսերը ապահովում է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը:
Փաստաթուղթերը յանձնել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի քարտուղարութիւն:
Դիմումները ընդունւում են ամէն օր՝ բացի Կիրակիից,
2026 թուականի Յունիս 1-ից մինչեւ Յուլիս 15, ժամը՝ 10:00 - 16:00 (Շաբաթ` մինչեւ ժամը 13:00):
Հեռ. (010) 517-321, (010) 517-322
Յաւելեալ հարցերի համար զանգահարել
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Տեսուչ` Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանին
բջջ., WhatsApp, Viber: (+972) 543-491-679
էլ․ հասցէ [email protected]
19/02/2026
Տօն Սուրբ Վարդանանց Զօրավարաց եւ 1036 վակներու
———————————
Հինգշաբթի, 19 Փետրուար, 2026-ին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի՝ հին տոմարով տօնախմբեց Վարդանանց Զօրավարաց եւ 1036 վկաներու յիշատակի օրը:
Տօնէն քանի մը օր առաջ ըստ Պատրիարքութեանս Ժառանգաւորաց Վարժարանի հնաւանդ սովորութեան, տեղի ունեցաւ «Սկսուածք» շարականներու բաշխում, որոնք այսօր կատարեցին ժառանագաւոր սաները, քանի որ Վարդանանց տօնը Սուրբ Աթոռոյս կրտսեր զինուորներու՝ ժառանգաւոր սաներու տօնն է:
Այսօր դասապետներն իրենց պաշտօնը զիջած էին երկու աւագ Ժառանգաւորներու՝ աջակողմէն Մկրտիչ Կրտիկաշեանին, ձախակողմէն՝ Արման Ալոյեանին, որոնք կը ղեկավարէին օրուան երգեցողութիւնը, իսկ Սուրբ Պատարագի դպրապետութիւնը՝ Ազատ Եփրեմեանը։
Ի պատիւ իրենց կրտսեր եղբայրներու՝ Սարկաւգները կը կատարէին Ժառանգաւորներու պարտականութիւնները՝ մոմ կը բռնէին եւ շարականներէն առաջ գիրք կը բաժնէին։
Տօնի նախօրէին, 18 Փետրուար, 2025-ին, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կատարուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց եւ 1036 վկաներու նախատօնակը:
Տօնի առաւօտուն, ժամը 7։00ին, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցան Գիշերային եւ Առաւօտեան պաշտանումք, ապա Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ Աւագ Խորանին, համաձայն ընկալեալ սովորութեան պատարագեց եւ քարոզեց Ժառանգաւորաց Վարժարանի Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան։
«Հայր մեր»-էն առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան տօնին առիթով հանդիսապետութեամբ Լուսարարպետ Սրբազան Հօր՝ կատարուեցաւ «Հայրապետական մաղթանք»՝ մաղթելով «երկար օրեր հայոց հօր», Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ բոլոր ժամանականերու պատրեազմներու նահատակներուն համար։
երեկոյեան՝ տօնի հանդիսութիւններն իրենց լրումին հասան , Ժառանագաւորաց վարժարանի մէջ, ուր գլխաւորութեամբ Լուսարարապետ Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնի աւանդական Միաբանական ընթրիք, որու ընթացքի Տեսուչ Հայր Սուրբ՝ ողջույնի եւ բարի գալուստի խօսք ըսաւ, Դ դասարանէն Երուանդ Մկրտչեան օրուայ խորհրդի պատգամը տուաւ ներկաներուն իսկ մեր տղաքը կատարեցին գեղեցիկ երգեր եւ ասմունքներ, եւ օրուան փակման խօսքը
ըսաւ՝ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան
06/02/2026
6 Փետրուար 2026ին
Ժառանգաւորաց վարժարանի Փոքր Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ԱՍՈՐԱԿԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵՈՒԹՅԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ» թեմայով դասախոսութիւնը
Կը դասախօսեր
Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան
արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Տիար Արման Յակոբեանը։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիար Արման Յակոբեանին՝ իր արժէքաւոր դասախօսութեան համար,
եւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց ներկայութեամբ ու հետաքրքրութեամբ դասախօսութիւնը արժեւորելուն համար։
22/01/2026
Ուխտագնացութիւն
22 Յունուար, 2026 թուականին, Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի ուսանողները տեսուչ Հայր Սուրբի առաջնորդութեամբ եւ Հայր Ժիրայրի ընկերակցութեամբ Սուրբ Ծնունդէն ետք ունեցան ուխտագնացութիւն եւ ճանաչողական ճամբորդութիւն մը դէպի Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններու սրբավայրեր։
Ճամբորդութեան ընթացքին խումբը եղաւ Կարմելոս լեռան վրայ գտնուող Եղիա մարգարէի եկեղեցին, որտեղ Աստծոյ նախաձախնդիր այրը Զոհասեղան պատրաստեց եւ երկինքէն կրակ իջեցնելով՝ այրեց զոհաստեղանի վրայ գտնուող զոհը, որմէ ետք սպանել տուաւ բահաղ կուռքի քրմերուն եւ Իսրայէլի ժողովրդին վերադարձուց դէպի ճշմարիտ Աստուածպաշտութիւն: Անկէ վերջ Ժառագաւորացի սաները այցելեցին Հայֆայի Սուրբ Եղիա Հայկական Եկեղեցին։ Այցելութիւնները շարունակուեցան դէպի Բահայի Այգիները։ Ապա ուղեւորուեցան Նազարէթ՝ Աստուածամօր Աւետման Տաճար։
Օրը եզրափակուեցաւ սիրոյ սեղանով, որ կազմակերպուեցաւ եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։
Ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ խաղաղ վերադարձով դէպի տուն՝ հոգեւոր թարմ եւ միասնական զգացումներով:
16/01/2026
Ուրարի Տուչութիւն
—————————
Ուրբաթ, 16 Յունուար, 2026-ին, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց Ա. Ընծայարանի ուսանողներ՝ Արա Յակոբեանի, Սամուէլ Սուքիասեանի, Նարեկ Մկրտչեանի, Հայկ Թեւոսեանի եւ Մարտին Բաբոյեանի:
Թող Աստուած անխախտ պահէ անոնց ուխտը, որպէսզի Իր այգիին նուիրուին նոր եւ եռանդուն մշակներ:
31/12/2025
Սիրելի՛ հայրենակիցներ
Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսչութեան, եւ ուսանողներու անունէն ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։
Թող Նոր տարին ըլլայ խաղաղութեան եւ հաւատքի նորոգութեան տարի մը՝ լեցուն իմաստութեամբ, առողջութեամբ ու լի ստեղծագործ յաջողութիւններով։ Թող կրթութեան սուրբ առաքելութիւնը շարունակէ լուսաւորել մեր ուղիները, ամրապնդել ազգային ինքնութիւնը եւ դաստիարակել բարոյական արժէքներով հարուստ սերունդներ։
Մաղթենք, որ գալիք տարին բերէ նոր ձեռքբերումներ մեր վարժարանին, հոգեւոր ու մտաւոր աճ՝ մեր ուսանողներուն, եւ անսպառ նուիրում՝ մեր Սուրբ Աթոռի միաբան Հայրերուն ու իրենց առաքելութեան մէջ ներգրաուած բոլոր անձերուն։
Աստուած օրհնէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքները, եւ թող խաղաղութիւնն ու սիրոյ լոյսը միշտ բնակին Ձեր օջախներուն մէջ։