24/08/2026
ԱՄԲՈՂՋՕՐԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ Լառնաքայի Նարեկ Վարժարանէն Ներս
Սիրելի՜ Ծնողներ,
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Նարեկ վարժարաններու Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան համագործակցութեամբ, Լառնագայի վարժարանէն ներս վերամուտին, տնօրէնութեան կողմէ ճշդուելիք թուականով, պիտի սկսի գործել
《ԱՄԲՈՂՋՕՐԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ》ը`
կէսօրեայ դրութեամբ, դասաւանդութիւններէն անմիջապէս ետք` ժամը 13։10-էն 16։00։
Ամբողջօրեայ ծրագիրը կը ներառէ.
Կէսօրուան ճաշ` (վճարովի)` վարժարանիս Ծնողաց Միութեան նախաձեռնութեամբ, որուն կը յաջորդեն սերտողութիւն և կազմակերպուած դասապատրաստութիւն։
Ծրագիրը նաեւ կ'ընդգրկէ լեզուի, համակարգիչի լրացուցիչ պահեր, ինչպէս նաեւ զբօսանք եւ ժամանց` տրամաբանական խաղերով, մարզանքով, երաժշտութեամբ եւ ստեղծագործական աշխատանքներով։
Այս ծրագրին կրնան մաս կազմել Նարեկի բոլոր աշակերտները` մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան։
Արձանագրութեան վերջնական ժամկէտ` Օգոստոս 31, ClassDojo-ի միջոցով։
Կանխաւ շնորհակալութեամբ`
Տնօրէնութիւն
Nareg Larnaca All-Day School Programme (2026–2027)
Dear Parents,
We are delighted to announce that for the upcoming 2026–2027 school year, students will have the opportunity to participate in our All-Day School Programme, organized by the Armenian School Committee and Administration.
This programme is open to all Nareg students, from Kindergarten through Grade 6. During the school commencement week the start date will be announced.
⏰ Afternoon Schedule (13:10 – 16:00)
* *Lunch:* Organized by the PTA (cost covered by parents)
* *Homework:* Supervised time to complete daily school assignments Lessons(language and ICT)
* Activities: Educational games and interactive play
📝 How to Register:
If you would like your child to participate, please register them through ClassDojo no later than 31, August,2026.
Thank you in advance for your support and cooperation.
Principal
Nareg School