A.R.S. Armenian Private School

A.R.S. Armenian Private School A.R.S. Armenian Private School is the largest co-educational, Armenian-Canadian trilingual school in Ontario

Armenian School is the largest co-educational, Armenian-Canadian bilingual and bicultural day school in Ontario, catering to students from Preschool through to Grade 12.The Armenian language, cultural and religious studies are weaved into the general curriculum in adherence with the Ontario Ministry of Education guidelines. We celebrate our heritage as well as the common ground we share as Canadians.

Մեր վարժարանի 9րդ դասարանի աշակերտները անմոռանալի պահեր անցուցին 《Cedar Ridge Camp》ի այցելութեան ընթացքին։ Our Grade 9 s...
10/02/2026

Մեր վարժարանի 9րդ դասարանի աշակերտները անմոռանալի պահեր անցուցին 《Cedar Ridge Camp》ի այցելութեան ընթացքին։

Our Grade 9 students had a great time at Cedar Ridge Camp!

09/30/2026
Մեր վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները անմոռանալի պահեր կ՛անցնեն 《Cedar Ridge Camp》ի այցելութեան ընթացքին։ Our Gr...
09/29/2026

Մեր վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները անմոռանալի պահեր կ՛անցնեն 《Cedar Ridge Camp》ի այցելութեան ընթացքին։

Our Grade 7 and 8 students are having a great time at Cedar Ridge Camp!

Մեծ ուրախութիւն է տեսնել մեր շրջանաւարտ Սեպուհի յարատեւ յաջողութիւնները։ Միշտ հպարտ ենք քեզմով սիրելի Սեպուհ։
09/24/2026

Մեծ ուրախութիւն է տեսնել մեր շրջանաւարտ Սեպուհի յարատեւ յաջողութիւնները։ Միշտ հպարտ ենք քեզմով սիրելի Սեպուհ։

Chef Sebouh Yacoubian set to compete on Top Chef Canada - Season 13

TORONTOHYE​—Toronto Armenian chef and restaurateur Sebouh 'Seb' Yacoubian is set to showcase his culinary artistry on the national stage this fall as a competitor on the thirteenth season of Top Chef Canada. Corus Entertainment and Flavour Network officially unveiled the new season's cast and promotional campaign in a national press release this week, announcing that the competition premieres Tuesday, Oct. 20 at 10 p.m. on Flavour Network and will stream on STACKTV. The landmark season brings together 12 of the country’s top culinary talents to vie for the title of Canada's Top Chef, with Yacoubian, 32, standing out among nine rising stars competing alongside three returning all-star alums.

​Produced by Insight Productions in association with Flavour Network, the upcoming season of Top Chef will challenge contestants to draw deeply on their personal stories, diverse backgrounds, and regional ingredients. Longtime host Eden Grinshpan returns alongside resident judges Mark McEwan, Janet Zuccarini, and Mijune Pak. Competitors will face high-stakes elimination challenges across the country, including stops in Quebec City and Charlevoix, while cooking for an esteemed roster of guest judges, including culinary icons Daniel Boulud and Masaki Saito, as well as Sophie Grégoire Trudeau.

​Yacoubian is best known as the executive chef and co-owner of Taline, the acclaimed Summerhill restaurant he operates alongside his brothers, Saro and Serouj. Opened in April 2023, the establishment made history as Toronto's first Armenian fine-dining destination and earned recognition in the Michelin Guide within its first year of operation. Named in loving memory of the brothers' late mother, Taline, the restaurant reimagines traditional Armenian home cooking with classical techniques and Levantine influences, highlighting dishes such as mante, vochkhar, and wild-herb jingalov hats. Building on that success, the brothers expanded their presence with the launch of Giragi an Armenian-style barbecue and kebab counter at downtown Toronto's Wellington Market.

​A graduate of the prestigious Culinary Institute of America in New York, Yacoubian honed his craft in demanding professional kitchens across the Greater Toronto Area, including early experience at Fraticelli’s and Trinity Taverna, before serving as the launch sous-chef at Mamakas Taverna in 2014. Throughout his career, his culinary philosophy has remained firmly anchored in heritage, seasonality, and elevating Armenian flavours for an international audience.
​For Yacoubian, representing his heritage on television is a natural extension of his deep ties to the local community. An alumnus of the ARS Armenian Private School of Toronto, he grew up actively involved in community youth and athletic organizations. Today, he remains a dedicated supporter of the community, frequently contributing to the A.R.S. Armenian Private School, the Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ կեդրոն, and other community institutions and initiatives as a donor and advocate.

As he steps into the country's most competitive kitchen this October, the Toronto Armenian community will have every reason to tune in and cheer on one of its own.

(Photo: Seb Yacoubian Instagram)

Պատմական եւ անկիւնադարձային օր մը՝ թորոնթոհայութեան տարեգրութեան մէջ։ (ENG BELOW) Երէկ պաշտօնապէս կատարուեցաւ Նարեկ հայ ...
09/21/2026

Պատմական եւ անկիւնադարձային օր մը՝ թորոնթոհայութեան տարեգրութեան մէջ։ (ENG BELOW) Երէկ պաշտօնապէս կատարուեցաւ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի բացումը՝ ազդանշանելով մեր համայնքային կեանքի նորագոյն եւ ամենէն յաւակնոտ հանգրուաններէն մին:

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մեր գաղութի ամենէն փայլուն նուաճումները միշտ ալ ծնունդ առած են առաջին հայեացքէն համարձակ ու «խենթ» թուացող որոշումներէ։ Տասնամեակներ առաջ Dupont-ի ու Hallcrown-ի մէջ սկիզբ առած մեր հաւաքական երթը այսօր կը հասնի Consumers-ի նոր հորիզոններուն՝ շնորհիւ այն սերունդներուն, որոնք չվախցան մեծ երազելէ եւ նախընտրեցին ոչ թէ համակերպիլ սահմանափակումներուն, այլ՝ կերտել գալիք սերունդներու ապագան։

Նարեկ կեդրոնը մեր ինքնութեան ամրակուռ նոր խարիսխն է՝ ապացուցելով, որ մեր տունն ու արմատները կը կառուցուին հետեւողական կամքով ու յանդգնութեամբ։

Շնորհաւոր մեր ամբողջ համայնքին։ Թող այս պատմական յաղթանակը ըլլայ նորանոր նուաճումներու ամուր մեկնակէտը։

«Թորոնթոհայ»-ի հոկտ. 2026-ի թիւը ( #230) աւելի մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնայ այս յիշարժան իրադարձութեան եւ անոր պատմական նշանակութեան։ (Լուսանկարները՝ Շահան Թերզեանի)

A historic and unforgettable milestone in the chronicles of the Toronto Armenian community! Yesterday's official opening of the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre marks the dawn of a bold and transformative chapter.

History has consistently proven that our community's greatest achievements were born of fearless, visionary, and seemingly 'crazy' decisions. From our humble beginnings on Dupont Street to the milestone expansions at Hallcrown Place, and now to Consumers Road, our story has always been propelled by generations who refused to settle for limitations and dared to build for the next generations.

The Nareg Centre - Նարեկ կեդրոն is an enduring anchor for our collective identity, proving that a thriving home is forged through sheer will, audacity, and shared dedication.

Congratulations to our entire community! May this achievement serve as a launchpad for even greater triumphs to come...

Stay tuned for our Oct. 2026 issue ( #230), as Torontohye will bring you in-depth coverage and reflections from this historic weekend!
(Photos: Shahan Terzian)

09/18/2026
09/17/2026

From groundbreakings to grand openings, every milestone tells a story. 🇦🇲✨

This is a tribute to the resilience, dedication and growth of the Armenian community of Toronto. What started as a vision decades ago has blossomed into a thriving network of landmarks that keep our heritage vibrant and alive.

To the pioneers who laid the first bricks, and to the generation continuing the legacy - thank you for building a home away from home. 🏛️❤️

⏰ ONLY 3 DAYS TO GO… See you at the Grand Opening of Nareg Centre on Sunday!

09/10/2026

Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեան եւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի աննախընթաց վերամուտին մասին կը զրուցենք Թալին Մուշեանին եւ տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարգիսեանին հետ:

Nareg Centre - Նարեկ կեդրոն

Բարի Վերամուտ մեր շատ սիրելի աշակերտներուն եւ անձնակազմին։Բարի, ապահով եւ յաջողութիւններով լի տարի կը մաղթենք բոլորին։  ...
09/08/2026

Բարի Վերամուտ մեր շատ սիրելի աշակերտներուն եւ անձնակազմին։

Բարի, ապահով եւ յաջողութիւններով լի տարի կը մաղթենք բոլորին։

❤️ 💙 🧡

Վերամուտ

Վերադարձէք, երա՜մ երա՜մ,
ձեր հարազատ տուն,
ուր կ՛ակնկալուի ձեր ետդարձը, կարօտով:
Աշնան սեմին ծաղկեցուցէք կրկի՛ն,
ձեր ծիծաղներով ու խաղերով,
մեր տան պարտէզներն նօսրացած:
Թող հնչէ կրկին, երկի՛նքն ի վեր,
ձեր եզակի դայլայլն աննման:
Թող ոգեւորէ ձեր սլա՛ցքն ի վեր,
դուք յուսադրի՛չ երամներ անվարան:
Այս տանը մեր, հաւատարիմնե՛ր,
ձեր ճախրանքով շնորհեցէք նո՛ր փառքեր:

ՐՍ

09/03/2026

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը՝ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան անսասան միջնաբերդ

Քառասունեօթը տարիներու լոյսի, հաւատքի եւ հայապահպանումի ճանապարհ
---

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Սեպտեմբերեան այս օրերուն, երբ վարժարաններու դռները կը բացուին, եւ մանուկներու ու պատանիներու ձայները կրկին կը լեցնեն կրթօճախներու միջավայրը, Թորոնթոյի հայ համայնքին համար վերամուտը սովորական ուսումնական տարեշրջանի մը սկիզբը չէ միայն։ Անիկա նաեւ 47-ամեայ ճանապարհորդութեան մը շարունակութիւնն է. երթ մը, որուն իւրաքանչիւր հանգրուանը նշանաւորուած է հայ լեզուի, մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման ու փոխանցման նուիրական աշխատանքով։

1979-ին, ՀՅԴ Թորոնթոյի «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի եւ Հայ Կեդրոնի պատասխանատու մարմիններու նախաձեռնութեամբ հիմնուած Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ ստանձնեց շատ աւելի մեծ առաքելութիւն մը, քան սոսկ կրթութիւն մատուցելը։ Ան կոչուած էր հայ մանուկին ուսում տալու, բայց միաժամանակ անոր հոգիին մէջ արթուն պահելու հայ ըլլալու գիտակցութիւնը։

Քառասունեօթը տարիներ անց այդ տեսլականը այլեւս միայն գաղափար մը չէ, այլ շօշափելի լիիրաւ իրականութիւն։

Վարժարանի բազմահարիւր շրջանաւարտներու կեանքի ընթացքը կը վկայէ, որ այս կրթօճախը իր առաքելութիւնը պատուով կատարած է։ Անոնք այսօր կը ծառայեն հասարակական, մասնագիտական, կրթական, մշակութային եւ համայնքային կեանքի տարբեր մարզերու մէջ, որպէս բժիշկներ, փաստաբաններ, ճարտարագէտներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, ձեռնարկատէրեր եւ ազգային գործի նուիրեալներ։

Սակայն անոնց ամենամեծ ձեռքբերումը մասնագիտութիւնը չէ միայն, այլ հայկական ինքնութեան այն ամուր հիմքը, որուն առաջին քարերը դրուած են այս կրթօճախի յարկին տակ։

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը երբեք սովորական դպրոց մը չէ։ Ան ազգային գոյատեւման կարեւորագոյն ամրոցներէն եւ հայապահպանումի ամուր միջնաբերդերէն մէկն է։

Օտար միջավայրի լեզուներուն, մշակոյթներուն եւ կենցաղային ազդեցութիւններուն մէջ հայ մանուկը պէտք ունի այնպիսի միջավայրի մը, ուր հայերէնը պարզապէս դասաւանդուող առարկայ մը չէ, այլ դարերու ճամբով մեզի հասած՝ ապրուած ու կենդանի լեզու է։ Ուր հայոց պատմութիւնը դասագիրքի էջերուն մէջ փակուած անցեալ մը չէ, այլ ազգային յիշողութիւն եւ պատասխանատւութիւն։ Ուր հայկական մշակոյթը անցեալի ժառանգութիւն մը չէ միայն, այլ ապրելու, զգալու եւ ստեղծագործելու կերպ։

ՀՕՄ-ի վարժարանը այս գիտակցութեամբ է, որ 47 տարիներ շարունակ կը կատարէ իր առաքելութիւնը։ Այստեղ մանուկը կը սորվի կարդալ ու գրել, հաշուել ու մտածել, գիտելիք ձեռք բերել եւ աշխարհը ճանչնալ։ Սակայն այդ բոլորին կողքին ան կը սորվի նաեւ սիրել իր մայրենին, յարգել իր արմատները, ճանչնալ իր ժողովուրդին պատմութիւնը, արժեւորել իր մշակոյթը եւ հպարտութեամբ կրել իր հայկական ինքնութիւնը։

Եւ հո՛ս է հայ դպրոցին մեծագոյն խորհուրդը. մեսրոպաշունչ հայոց լեզուի լոյսը իբրեւ յաւերժական ուղեցոյց ունենալ, եւ հայ դպրոցը առանց Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկեղինիկին ամբողջական չէ եւ չի կրնար ըլլալ։

Այն սրբազան պահուն, երբ հայ մանուկը առաջին անգամ կը սորվի հայերէն տառերը, ան գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կ’օղակուի այն ոսկեղէն շղթային, որ դարեր շարունակ իրարու կապած է հայ սերունդները։

Այո, մաշտոցեան տառերը պարզ նշաններ չեն. անոնք մեր ժողովուրդի յիշողութեան, հոգեւոր ժառանգութեան եւ գոյատեւման սրբազան խորհրդանիշներն են։

Ահա թէ ինչո՛ւ ՀՕՄ-ի վարժարանի իւրաքանչիւր դասարան, իւրաքանչիւր ուսուցիչ եւ իւրաքանչիւր աշակերտ իր փոքրիկ, բայց էական բաժինը ունի այդ մեծ ու կարեւոր առաքելութեան մէջ։

Հայերէն մէկ բառ աւելի, հայոց պատմութեան մէկ դաս աւելի, հայ մշակոյթի մէկ երգ աւելի ուսուցումը հայապահպանման մէկ քայլ եւս դէպի յառաջ սրբազան երթ է։

Այս 47-ամեայ երթը կարելի չէր իրականացնել առանց այն նուիրեալ մարդոց, որոնք իրենց տարիները, գիտելիքը, սէրը եւ հաւատքը ընծայեցին վարժարանին։

Տնօրէններ, կրթական մարմիններ, պատասխանատուներ, ուսուցիչներ ու պաշտօնեաներ՝ իւրաքանչիւրը իր ներդրումով դարձաւ այս կրթօճախի պատմութեան մէկ էջը։ Անոնց աշխատանքը միշտ չէ, որ տեսանելի եղաւ հանրութեան, սակայն անոր պտուղները այսօր կը տեսնենք վարժարանի շրջանաւարտներու կեանքին եւ հայ համայնքի զանազան ոլորտներուն մէջ։

Իւրաքանչիւր ուսուցիչ, որ տարիներ շարունակ հայ մանուկին դիմաց կանգնեցաւ՝ դասաւանդեց ոչ միայն գիտելիք, այլեւ արժէք, նուիրում եւ ինքնութիւն։ Այս առումով դասատուն պարզապէս ուսուցիչ չէ. ան սերունդներու հոգիին մէջ լոյս վառող մշակն է։

Վարժարանի 47-ամեայ գոյերթը նաեւ նուիրատու բարեկամներու, բարերարներու եւ ազգային գիտակցութեամբ օժտուած հայորդիներու հաւատքին ու նիւթական զոհողութեան պատմութիւնն է։

Հայ դպրոց պահելը մեծ պատասխանատուութիւն է, իսկ զայն սերունդէ-սերունդ շարունակելը՝ աւելի մեծ պարտաւորութիւն։

Ականատեսի աչքով կը վկայենք, որ Թորոնթոյի կրթական, մշակութային, ազգային, հոգեւոր, կուսակցական, միութենական եւ ընկերային կեանքը վերջին տարիներուն ստացած է գործելու, նուիրաբերումի եւ վերելքի նոր ու բնականոն թափ։

Այս վերելքին պանծալի վկաներէն մէկն է այս տարեշրջանին Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներու յանդուգն ու խիզախ որոշումով իրականացած 211 Consumers Road-ի վրայ գտնուող «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային հոյակերտ համալիրը։

Անիկա ոչ միայն մեր համայնքի ամենամեծ ձեռքբերումներէն մէկն է, այլեւ ազգային տեսլականի, հաւատքի, կամքի եւ նուիրումի կենդանի վկայութիւնը։

Այդ պատճառով իսկ երախտագիտութեան խօսք պէտք է ուղղել բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ թիկունք կանգնեցան ՀՕՄ-ի վարժարանին՝ գիտակցելով, որ հայ դպրոցի մը համար կատարուած նուիրատուութիւնը հայութեան ապագային կատարուած գանձ ու ներդրում մըն է։

Երախտագիտութեան արժանի են նաեւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց համագործակցութեամբ ու օժանդակութեամբ նպաստեցին վարժարանի աստիճանաւոր վերելքին։

Եւ, անշուշտ, այս մեծ շղթային մէջ իրենց անփոխարինելի տեղը ունին մեր գաղութի երեք հայ յարանուանութիւնները, որոնք իրենց հոգեւոր ու բարոյական ներկայութեամբ կը զօրացնեն հայ դպրոցին եւ հայ ընտանիքին միջեւ անքակտելի կապը։

Ահաւասիկ նոր հանգրուան՝ նոր մարտահրաւէրներով։

Այսօր, 47-ամեակի սեմին, միայն անցեալին նայիլ ու հպարտանալը բաւարար չէ։ Ժամանակները կը փոխուին, մարտահրաւէրները կը բազմանան, իսկ հայապահպանութեան պայմանները աւելի պարտաւորիչ կը դառնան, եւ այսօր հայ դպրոցին առաքելութիւնը աւելի մեծ է, քան երբեւէ։ Ան պէտք է նոր սերունդին փոխանցել կարենայ ոչ միայն հայերէն լեզուն, այլեւ հայերէն մտածելու, հայօրէն զգալու եւ հայօրէն ապրելու կարողութիւնը։

Ան պէտք է պատրաստէ այնպիսի երիտասարդներ, որոնք միաժամանակ պիտի ըլլան ժամանակակից աշխարհի լիարժէք քաղաքացիներ եւ իրենց ազգային ինքնութեան գիտակից հայեր։

Այս է 47-ամեայ վարժարանի յաջորդ հանգրուանին առջեւ դրուած մեծագոյն մարտահրաւէրը։

Այսօր, երբ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը կը նշէ իր 47-րդ տարեդարձը, մենք իրաւունք ունինք հպարտութեամբ յետադարձ հայեացք մը նետելու անցած ճանապարհին։

Սակայն 47 տարիները միայն յիշատակելի թուանշան մը չեն։ Անոնք 47 տարիներու անխոնջ աշխատանքի արդիւնք, 47 տարիներու անկոտրում հաւատք, 47 տարիներու յամառ նուիրում են, եւ ամէնէն կարեւորն ու էականը՝ 47 տարիներու հայապահպանութիւն։

Վարժարանը եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ Թորոնթոյի հայ գաղութի կեանքին մէջ լոյսի ու հաւատքի փարոս մը, ուր հայ մանուկը կը ստանայ գիտելիք, բայց նաեւ կը ժառանգէ հայկազեան ինքնութիւն։

Թող այս լուսաճաճանչ փարոսը երբեք չմարի։

Թող Մաշտոցի լուսափայլ տառերը միշտ փայլատակեն մեր վարժարանի դասարաններուն մէջ։

Թող մեր ուսուցիչներուն նուիրումը շարունակէ ծլարձակել ու ծաղկեցնել նորահաս մեր սերունդնեու հոգեմտաւոր ներաշխարհը։

Թող ծնողներուն հաւատքը, բարերարներուն զոհողութիւնը եւ թորոնթոհայ համայնքի հաւաքական կամքը միշտ ամուր պահեն այս կրթօճախի հիմերը, եւ թող գալիք տարիներուն ՀՕՄ-ի վարժարանը ոչ միայն շարունակէ իր երթը, այլեւ նոր բարձունքներ նուաճէ՝ աւելի գիտակից, աւելի զօրաւոր եւ աւելի հայաշունչ սերունդներ դաստիարակելու իր սրբազան առաքելութեամբ։

47 տարի անց՝ ահա նոր վերամուտ, նոր յոյս, նոր հաւատք։

Եւ մեր մաղթանքն է, որ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանը իր լոյսը փոխանցէ դեռ շատ ու շատ սերունդներու՝ մնալով հայ դպրութեան անսասան օճախ, հայապահպանումի ամուր միջնաբերդ եւ մեսրոպեան լոյսի յաւերժական դարբնոց։

Շնորհաւոր 47-րդ ամեակդ, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարան։

Քեզի բարի՛ երթ դէպի աղբիւրը լոյսին, դէպի նորանոր բարձունքներ ու յաղթանակներ՝ ի խնդիր հայ ազգին, հայ դպրութեան եւ թորգոմեան ցեղի յաւերժութեան։

Թորոնթօ, 2026

Address

50 Hallcrown Place
Toronto, ON
M2J4Y4

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when A.R.S. Armenian Private School posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The School

Send a message to A.R.S. Armenian Private School:

Shortcuts

Share

Category