30/07/2026
Սիրելի՜ ընթերցող 🤗,
Համազգայինի Երևանի գրասենյակի «Դիմապատկեր» խորագրով զրույցների շարքի հյուրն այս անգամ Սփյուռքից է։ Բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Յարութիւն Պէրպէրեանի հետ Հերմինե Ավագյանի զրույցը կարդացեք ստորև👇
📌 Հիշեցնենք, որ 2021 թվականին Երևանում լույս է տեսել նրա «Առաձգական» վերնագրով բանաստեղծությունների հատորը։
❓ - Տարիներու հետ բառերը կը թեթեւնա՞ն, թէ՞ կը ծանրանան։ Երբ այսօր նոր քերթուած մը կը սկսիք, առաջին բառը գտնելը աւելի դիւրի՞ն է, թէ՞ աւելի պատասխանատու ու դժուար, քան անցեալ տարիներուն։
💬 Պատասխան
- Գրողական արարքը միշտ ալ գիտակցական աշխատանք է, որ յա՛տկապէս քսաներորդ դարու կէսերէն ետք աւելի կը շեշտուի: Բնականաբար, բանաստեղծութիւն գրելու առաջին տարիներուն, երբ փնտռտուքի մէջ ես, երբեմն ալ մեծերու հետքերով տարբեր ոճեր կը փորձես կամ անմիջական ձեւով տաղեր կը ծնին, աշխատանքին մէջ անմիջականութիւն մը կայ, յաճախ դժուար է խուսափիլ բառային խաղերէ կամ պատկերային գեղեցկութիւններէ, նոյնքան գիտակից չես բառի ծնունդին:
Արդէն «Առաձգական»ի առաջին բաժնի բանաստեղծութիւնները գրողական արարքին եւ հայերէնով, մասնաւորաբար՝ արեւմտահայերէնով գրուող բանաստեղծի կացութեան եւ լեզուին կը վերաբերին: Հոն տեղ մը կ'ըսեմ.
«Փնտռէ բառը կորսուած, / փնտռէ տողը կորսուած: / Եթէ մէջդ կը ծաղկի / բառը թմրած, քնացած, / սպասելով ժայթքումի՝ / պեղէ միտքդ ծուլացած»:
Այլուր պիտի արձանագրէի.
«Տաղը տակաւ կ'արթննայ / ընձառիւծի պէս անգութ / .... Կը փնտռես զինք / անհանդարտ, / լուռ քայլերով: Տակաւին / կը փորձես զայն դուրս մղել՝ / դէպի բացատը ազատ» («Եւ տաղը կ'ըլլայ»):
❓- Ձեր գիրքին «Առաձգական» խորագիրը ինքնին շատ պատկերաւոր է եւ բազմաշերտ։ Ի՞նչն է Ձեր քերթողութեան մէջ ձգուողը կամ դիմադրողը՝ լեզո՞ւն, յիշողութի՞ւնը, թէ՞ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ եղած տարածութիւնը։
💬 Պատասխան
- Բանաստեղծական հատորներուս բոլոր խորագիրներն ալ յատուկ իմաստ կը խտացնեն, մեկնակէտ ունին: Նախ շրջան մը կայ, երբ մամուլին մէջ բանաստեղծութիւններ կան ցրուած, որոնք հատորի մէջ չեմ անցուցած: Կը կարծեմ որ յստակ դիմագիծ կազմելէ ետք միայն պէտք է հատորի անցնիլ: Գիրքով հրապարակ գալը արդէն յստակ յանձնառութիւն է:
▪️ «Կորիզ»ը (1979) լոյս տեսաւ, ճիշդ է գլխաւորաբար քաղաքացիական պատերազմին արձագանգելով, սակայն քերթողական մտածողութեանս կորիզը կը ներկայացնէր:
▪️ «Ոսպնեակ»ը (1984), արդէն իր խորագրով իսկ բանաստեղծութիւնը կը վերածէր լուսանկարչական ոսպնեակի, որոշ փորձառութիւններու եւ ճշգրիտ պատկերներու վրայ կեդրոնանալով, անոնց հոգեբանական խորքը պեղելով, երբեմն ալ ազատ առընչութիւններ ստեղծելով, իսկ իր նախաբանով կը փորձէր կարգ մը կէտեր յստակացնել այս նկարագրի քերթողութեան մասին:
▪️«Անցման եղանակը» (1993), ո՛չ միայն Լիբանանէն Գանատա, Արեւելքէն Արեւմուտք, նոր աշխարհ անցումի մասին էր, այլեւ նոր փորձառութիւններու, օրինակ՝ լիբանանեաններուն մէջ սկիզբը քաղքենիացող ընկերութեան խնդիրներէն, քաղաքի կորսուող դիմագիծի մտահոգութիւններէն մինչեւ աճող բրտութիւնը տեղ կը գտնէր, մինչ գանատականին մէջ բնութեան եւ լեզուի վտանգումին հետ առընչուած տագնապներ կը սկսէին դրսեւորուիլ, եւ երբեմն ալ այս երկուքը կը հանդիպէին իրարու. երբ կ'ըսեմ. «Իսկ ազգս ձուկ է / ապականող ջուրերու / հոսանքին մէջ շնչահատ ... / եւ անտառ է մասնատուած, / ճենճերած՝ / այս գորշ դարու / մթնոլորտէն թունաւոր ... / Մեր գործածած / իւրաքանչիւր բառը՝ թռչուն / տագնապահար, / վտանգուած թառը փնտռող / եւ շատ յաճախ կորսնցուցած՝ / անվերադարձ ...»:
▪️ «Սահմանները» (2007) կեանքի ու մահուան սահմաններէն սկսեալ, մինչեւ բանաստեղծութեան սահմանները կը հետախուզէր, հոն «Ցաւազերծում» խորագրով բաժին մը կայ, որ հօրս հիւանդութեան-մահուան վերջին տարուան ընթացքին գրուած է, ուր իր կեանքի կարգ մը հանգրուաններուն վրայ կեդրոնանալէ ետք, մինչեւ ընտանիքիս անցեալը եւ Ցեղասպանութիւն կը հասնի:
▪️ «Առաձգական»ը (2021) մէկ կողմէ նախորդ հատորներու թեմաթիք նիւթերը կը խմբէ, միւս կողմէ նախորդող տասնամեակի փորձառութիւնները կը բերէ:
Լեզուն միշտ առանցքն է քերթողութեան, յիշողութիւնը անձնական եւ հաւաքական փորձառութիւններուն հետ առընչուած է, իսկ հայութեան կամ Սփիւռքին կապուած փորձառութիւնները կամ մտածումները բարդ եւ բազմաշերտ ծալքեր ունին, սակայն պէտք է զանոնք հեռու պահել հռետորական ճառերու վերածուելէ:
❓ - Ժամանակի ընթացքին կը փոխուի բանաստեղծութեան ռիթմը. երիտասարդ տարիքին անիկա աւելի ընդվզող է, ետքը կը դառնայ աւելի խոհական։ Ինչպէ՞ս փոխուած է Ձեր եւ բանաստեղծական տողին յարաբերութիւնը տարիներու ընթացքին։
💬 Պատասխան
- Երիտասարդական ընդվզումը կամ հակադարձութիւնը՝ սեփական լեզուն, բանաստեղծական նկարագիրը եւ ոճը գտնելու աշխատանքին մաս կը կազմեն: Մեզմէ առաջ Նիկողոս Սարաֆեանը եւ մասնաւորաբար Վահէ Օշականը այդ հոլովոյթին սկսած էին, առաջինը շրջապատի աշխարհին բացուելով եւ նոր անջրպետներ գրաւելով, իսկ երկրորդը՝ բանաստեղծութիւնը խնդրականացնելով:
Ըմբոստութիւնը, յա՛տկապէս իմաստային եւ կարգ մը ժխտական կացութիւններու դիմաց կը շարունակէ դրսեւորուիլ ամէն տարիքի, լաւագոյն օրինակը՝ 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդող կացութիւններուն հակադարձումն է, Հայաստանի իշխանութեանց պարտուողական կեցուածքին դիմաց ընդվզումով գրուած բանաստեղծութիւններն են, որոնք մասնաւոր բաժին մը կը կազմեն «Ձգողական» կամ «Պարուրաձեւ անցումներ» խորագրով հրատարակելի հատորիս:
Խոհական կամ նոյնիսկ քնարական նկարագրի տողերը, յաճախ այս բոլորին հետ կը միաձուլուին կամ կը համադրուին: Հոս կարեւոր կը նկատեմ բանաստեղծին յանձնառութիւնը իր հաւաքականութեան նկատմամբ: Ան չի կրնար լուռ մնալ անարդարութեան, բռնատիրութեան կամ վայրագութեան դիմաց: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ այդ կեցուածքը ճշդած են Վարուժանը, Սիամանթօն, Ռուբէն Սեւակը եւ ուրիշներ: Նոյնը կրնանք տեսնել առաջին շրջանին այնքան գեղեցիկ սիրային բանաստեղծութիւններ գրած Փապլօ Ներուտայի քով:
❓- Առաձգականութիւնը ենթադրել կու տայ նաեւ արտաքին ճնշում, որուն կը դիմադրէ մարմինը կամ նիւթը։ Ի՞նչ եղած է Ձեր կեանքին մէջ այն արտաքին ճնշումը (սփիւռքեան իրականութիւնը, օտար միջավայրը, լեզուական մեկուսացումը), որ ստիպած է Ձեր քերթողութեան դառնալ «առաձգական» ու չկոտրիլ։
💬 Պատասխան
- «Առաձգական» խորագիրը սկիզբ կ'առնէր բանաստեղծութենէ մը, որ կրկէսի մէջ մարդկային մարմնի ճկունութենէն եւ անհաւատալի կարելիութիւններէն կը մեկնէր, բան մը որ ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնենք: Վերջն է որ զայն աւելի լայն ու բազմաշերտ իմաստներով սկսայ գործածել: Մեր մարմինը, մտածումներու եւ երեւակայութեան աշխարհը, կենցաղը, շրջապատի քաղաքական, տնտեսական, պատմական ու ընկերային իրականութիւններու ազդեցութիւնը մեր փորձառութիւններուն վրայ: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել օտարումը, անհեթեթի դէմ բախումը, որ ուրիշ տարածքներ կը բանայ:
Այդ բոլորին դիմաց որոշ առաձգականութիւն պէտք է, սակայն առանց կորսնցնելու մեր պարկեշտութիւնը եւ առանց հրաժարելու մեր սկզբունքներէն եւ համոզումներէն: Իսկ դուրսի իրականութեան, այլին հետ մեր յարաբերութիւնները համակեցութեան եւ առողջ յարաբերութեան մակարդակի վրայ պէտք է ըլլան՝ մշակութային թէ ընկերային առումով, այլապէս կը վերածուինք կեթոյի, կը մատնուինք լճացման: Հինգերորդ դարէն սկսեալ մինչեւ 19-րդ դարու վերջը եւ քսաներորդ դարուն, ամէն անգամ որ բացուած ենք օտար մշակոյթներու՝ մեր գրականութիւնն ու արուեստը շահած են: Բնականաբար, խօսքս կ'երթայ հասուն ընկալումին եւ ոչ թէ մակերեսային ընդօրինակութիւններու:
Իսկ լեզուի վտանգումը կամ կենդանի կերպով պահպանումը նաեւ կախեալ է մեզմէ: Արեւմտեան Սփիւռքի մէջ, հաւաքական իմաստով, լեզուի պահպանման, գործածութե՛ան տագնապը գոյութիւն ունի, չենք կրնար անտեսել զայն, որուն դիմաց պէտք է պայքարիլ, յաճախ նոր միջոցներ փնտռելով, ինչպէս ներկայիս կը կատարէ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը, իսկ բանաստեղծին համար՝ այդ լեզուն կենդանի, այսինքն՝ շնչող, ապրող, ստեղծող եւ առօրեային հետ քայլ պահելը կենսական է:
❓- Երբ բանաստեղծութիւնը մտնէ «առաձգական» վիճակի մէջ, արդեօք մի՞շտ կը վերադառնայ իր նախնական ելման կէտին, թէ՞ ամէն լարումէ ետք կը ձեւախախտուի եւ կը դառնայ նոր բան։
💬 Պատասխան
- Բանաստեղծութիւնը, բնականաբար, նոյն տեղը չի կրնար մնալ, ուժական ու կենդանի ծնունդ է, որ միշտ իր առանձին նկարագիրը կը փնտռէ: «Առաձգական»ի վերջին բաժնին մէջ ունիմ բանաստեղծութիւն մը, որ կը կոչուի «Ղատ», որ ճիշդ է, «ղ» տառի հնչիւնն է, սակայն նոյն ատեն «տաղ»ի շրջումը, որ կը փորձէ գտնել չկաղապարուած, իսկական քերթողութեան բնոյթը: Այս մէկը շարունակական փնտռտուքի դրսեւորումը չէ՞:
Իսկ երբ աւելի երկար, ժամանակակից բանաստեղծութիւններ կը գրենք (longer contemporary poems), որոնք պէտք չունին դիւցազներգական ըլլալու, կամ երբեմն ալ՝ աւելի կարճ բանաստեղծական պատկերներ կամ հայքուներ, բնականաբար տարբեր կառուցային եւ այլ լուծումներու կը դիմենք:
❓- Ձեր երիտասարդութեան տարիներուն «Բագին»ին թղթակցիլը հիրաւի գրական մկրտութիւն էր։ «Բագին»-ի շուրջ հաւաքուած սերունդն ունէր լեզուի եւ գրականութեան իր տեսլականը։ Եթէ համեմատէք այդ տարիներու Ձեր գրական որոնումները այսօրուան Ձեր գրածին հետ, ի՞նչը անփոփոխ մնացած է Ձեր ներսը, եւ ի՞նչը «լքած» է Ձեզ։
💬 Պատասխան
- Այո՛, «Բագին»ը իսկական դպրոց էր, ուր մեզմէ առաջ Յակոբ Մանուկեանի եւ Փանոս Ճերանեանի նման երիտասարդ տղոց խումբ մը հաւաքուած էր, իսկ վաթսունականներու աւարտին, Պօղոս Սնապեանի աշակերտներէն եւ ուրիշ դպրոցներէ տղաք գրական խմբակ մը կազմեցին, ինչպէս՝ Սարգիս Կիրակոսեանը, Խոսրով Ասոյեանը, Վահան Զանոյեանը, Յարութ Սասունեանը, Նազ Տէր Սարգիսեանը եւ ուրիշներ: Ասոնցմէ ոմանք գրականութեան մէջ մնացին, ուրիշներ ուսուցչութեան կամ մամուլի մարզը որդեգրեցին եւ այլն: Փաստօրէն, 1978-էն սկսեալ, ես ու Սարգիս Կիրակոսեանը փոխ-խմբագիրները դարձած էինք «Բագին» ամսագրի:
Այդ կազմաւորման տարիներուն մեր ընթերցումներուն մասին կը խօսէինք, իւրաքանչիւր շաբաթ մեզմէ մէկն ու մէկը իր գրութիւնը կը բերէր եւ քննարկումի կ'ենթարկէինք, յաճախ խիստ կերպով, եւ այս մէկը իսկապէս օգտակար էր մեր գրականութեան զարգացման համար, որովհետեւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ կը կատարուէր: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, Սփիւռքի մէջ, գրաքննադատութիւնը գրեթէ բացակայ է, ինչ որ պատճառ կ'ըլլայ, որ կարգ մը անհատներ, մէկ հատորով, անկենդան բառերու շարք մը շարադրեն, կենաց արտասանելու խօսքեր կամ ազգային ճառեր բանաստեղծութեան հետ շփոթեն:
Ինչ կը վերաբերի այդ օրերու եւ ներկայի աշխատանքներուս՝ առաջին շրջանին, բանաստեղծութիւնները յաճախ լռութիւններով կը զարգանային, կամ Թ. Ս. Էլիոթի մօտեցումով, երբեմն յղումներ կը կատարուէին հայ թէ օտար գրողներէ, իսկ պատերազմի, բրտութեան եւ քայքայուող քաղաքի թեման շեշտուած ներկայութիւն էր: Ներկայիս, թերեւս խոհական եւ չըսեմ «զգացական», աւելի փորձառութեանց անմիջական փոխանցումը՝ աւելի հաւասարակշռուած են: Ամէն պարագայի, բանաստեղծութիւնը բարդ ստեղծագործութիւն է, դժուար է խօսիլ անոր մասին, թերեւս նոյնիսկ ճիշդ է չխօսիլ:
#Համազգային #ՅարութիւնՊէրպէրեան #Պոեզիա #Առաձգական #Սփյուռք #Գրականություն