14/05/2026
Դասեր՝ խաղերով, տեսերիզներով, երգերով եւ հետաքրքրական պատմութիւններով:
Յաւելեալ մանրամասնութեան համար դիմել՝
📞 +961 71 041 816
✉️ [email protected]
*Ծրագիրին աւարտին աշակերտը պիտի ստանայ Ե-Ճեմարանի հաստատագիրը:
#հայերէն #Ճեմարան #ԱռցանցԴասաւանդութիւն #ԱնհատականԴասընթացք #խմբայինԴասընթացք
13/05/2026
Ճեմարանականներու հաւաք, Երեւան, 2026
Երկու Ճեմարանականներ երբ հանդիպին աշխարհի մէջ որեւէ անկիւն անոնց հոգիներուն մէջ կ՚արթննայ Շանթէն, Աղբալեանէն, Վրացեանէն եւ Մուշեղ Իշխանէն փոխանցուած աւանդը։
#ՃեմարանըՀայաստանիՄէջ #ՀամազգայինՃեմարան
11/05/2026
Ճեմարանականներու Հաւաք Հայաստանի մէջ
13 Մայիս 2026
06/05/2026
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան- Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան
3AKA3BA show
Յունիս 3, 2026
Լաֆ Ճիւնի
27/04/2026
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի
Փալանճեան- Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան և Ծնողական Խորհուրդին
Մայրերու Օրուան Առիթով
Նախաճաշ` Brunch
Ուրբաթ 15 Մայիս, 2026
Առաւօտեան ժամը 10ին
Ալ Մանտալուն, Տպայէ
23/04/2026
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան
Խաղերու Երեկոյ
Պլոթ,14,նարտ, ճատրակ, մանտալա
Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ
Երեկոյեան ժամը 8։30ին
Ճեմարանի ճաշասրահ
11/03/2026
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1955-ի շրջանաւարտներէն
Հրայր Այվազեանի
մահը, որ պատահեցաւ ,
Երկուշաբթի 9 Մարտ 2026ին , Փարիզ։
26/02/2026
Մեր շրջանաւարտները
Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարինէ Փօլատեան` առաջին կին խաչքարագործը
Նարինէ Փօլատեան Ճեմարանի 2014-ի շրջանաւարտ է։ Աւարտելէ ետք Ճեմարանը, ուսած է ներքին ճարտարապետութիւն (Interior Architecture) LCU (Lebanese Canadian University) համալսարանէն ներս։ 2018-ին «Դէպի Հայք» ծրագրով ճամբորդած է Հայաստան, որպէսզի իբրեւ կամաւոր, իր ստացած ուսումը ի սպաս դնէ իր հայրենիքին եւ փորձառութիւն շահի իր ասպարէզին մէջ։
Ան անցնելով Երեւանի Արամի փողոցէն, տեսած է խաչքարի աշխատանոց մը, ինչ որ գրաւած է իր ուշադրութիւնը։
Նարինէն իր ուսումը շարունակած է Հայաստանի Գեղարուեստի Պետական Ակադեմիայի Գիւմրիի մասնաճիւղին մէջ, ստանալով մագիստրոսի աստիճան (MA)։
Կ՚ըսէ, որ երբ ծնողները իմացան քանդակագործութեամբ զբաղիլը, մտահոգուեցան եւ ըսին, որ ծանր եւ փոշոտ գործ է աղջկան մը համար, սակայն ինք յամառօրէն շարունակեց սորվիլ եւ ուսումնասիրել նախշերը եւ անոնց իմաստը. ան զգաց, որ գտած է այն ինչ կ՚որոնէր։
Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարինէն դարձած է առաջին կին խաչքարագործը։ Գիւմրիի մէջ արդէն ունի իր արուեստանոցը։ Երբ այցելէք Գիւմրի անպայման հանդիպեցէք Նարինէին։
Կը շնորհաւորենք Նարինէն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր շրջանաւարտին։
20/02/2026
Կը փափաքի՞ս հայերէն 🇦🇲 սորվիլ՝ հաճելի, դիւրին եւ արդիական ձեւով:
Յաւելեալ մանրամասնութեան համար դիմել՝
📞 +961 71 041 816
✉️ [email protected]
*Ծրագիրին աւարտին աշակերտը պիտի ստանայ Ե-Ճեմարանի հաստատագիրը:
#հայերէն #Ճեմարան #ԱռցանցԴասաւանդութիւն #ԱնհատականԴասընթացք #խմբայինԴասընթացք
13/02/2026
Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջանաւարտ Կարօ Դերձակեանի անցած ուղին։
Նշան Փալանճեան Ճեմարանը գերազանց աւարտելէն ետք 1967ին, Կարօ Դերձակեան կ՚ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB) իբր բժշկութեան ուսանող։ Դիմելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, կը ստանայ կրթանպաստ, ինչ որ աւելի կը դիւրացնէ իր ուսման շարունակութիւնը։ Համալսարանին մէջ կը ծանօթանայ իր ապագայ կնոջ` ուսանողուհի Սիլվիին։ Աւարտելէ ետք բժշկական ուսումը, նորապսակ ամոլը Յունիս 1975 ին կը մեկնին ԱՄՆ եւ կայք կը հաստատեն հոն, ունենալով մանչ մը եւ դուստր մը։
Բժիշկը իր մասնագիտական ուսումը կ'ամբողջացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու մէջ դառնալով մեծ եւ յայտնի միզաբան (urologist)։ Ան իր աշխատանքը բծախնդրութեամբ եւ ջանասիրութեամբ կը շարունակէ մինչեւ օրս։ Ճեմարանէն ստացած հայեցի շունչն ու ոգին պատճառ դարձած են, որ ան իր ներդրումը ունենայ ոչ միայն ճեմարանին ու Համազգայինին, այլեւ՝ ամբողջ հայ ժողովուրդին։
1987-էն սկսեալ մինչեւ օրս ան մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի միզաբանական բնագաւաոէն ներս։ Ան իր մասնագիտութեամբ դասաւանդած է միզաբանական (Urology) վերջին նորութիւններու եւ վիրաբուժական արդի մօտեցումներուն մասին, ինչպէս նաեւ իր անձնական զանազան միջոցներով մեծ թիով արդիական սարքեր նուիրած է Հայաստանի զանազան միզաբանական կեդրոններու։ 2009-ին, Հայաստանի օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ ստացած է Մխիթար Հերացի պատուոյ մետալը։ Աւելի ուշ ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ շքանշանով։
Ճեմարանը հպարտ եւ հարուստ է իր շրջանաւարտներով։
Կը շնորհաւորենք մեծանուն բժիշկն ու բարերարը, որ ճեմարանի ոգիին հարազատ եւ հաւատարիմ մնալով կը շարունակէ իր աշխատանքը։
Բեղուն գործունէութիւն եւ կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք մեր սիրելի շրջանաւարտին։
Տեսնել իր վկայութիւնը՝ ստացած կրթաթոշակին մասին։
https://we.tl/t-GEPSzqrLAl